մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

ագռաւը

կռա՛ւ,
կռա՛ւ,
ծառէ՛ն
թռա՛ւ
սե՜ւ․․․

կռա՛ւ,
կռա՛ւ,
ծառէ՛ն,
ճիւղէ՛ն,
բոյնէ՛ն
թռա՛ւ
սեւ
ագռա՜ւ․․․

ծի՛ւ, ծի՛ւ,
մատնոցիկ,
սեւ ագռաւը բռնեցինք․

ծի՛ւ, ծի՛ւ,
մատնոցիկ,
սեւ ագռաւը փետտեցինք․

իւղով միւղով
տապկեցինք,
թը՜ռ թռա՜ւ․․․

սե՛ւ է, սե՛ւ է,
ագռա՛ւ է, ագռա՛ւ է,
պանի՛ր է, պանի՛ր է․

սեւ ագռաւը
պանիր գտաւ,
ծառին ճիւղին թառեցաւ․

խորամանկ աղուէսը
մօտեցաւ,
ագռաւին նայեցաւ
ու ըսաւ․

սո՛ւտ է, սո՛ւտ է,
աղուէ՜ս է, աղուէ՜ս է,
սեւ ագռաւին
պանի՛րը կ՚ուզէ․

ագռաւիկ, ագռաւիկ,
անուշիկ, անուշիկ,
երգ մը կ՚երգե՞ս
սիրունիկ․

սեւ ագռաւը ուրախացաւ,
կտուցը բացաւ,
ղա՜, ղա՜, ղա՜, ղա՜․․․ ե՜ւ․․․

կտուցէն ինկաւ պանիրը,
մտաւ աղուէսին փորիկը․

խե՜ղճ ագռաւիկ,
սո՛ւտ աղուէսիկ․․․

ագռաւը սեւ է,
աղուէսը սուտ է,
պանիրը որո՞ւն փորիկին մէջն է․․․

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ագռաւին պանիրը

Ձմերուկը, դուն եւ ես

Այլ նիւթեր՝

Յուշամատեան

Պուրակ

Կայքէջ

Քառակուսիէն դուրս

Մանկական գրքոյկ

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Ա.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն