մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

հացին երգը

կաթի՛լ, կաթի՛լ,
անձրեւ եկաւ․

ոսկի՛, ոսկի՛,
ցորե՛ն բուսաւ․

ցորենը տանիմ
ջաղացքին տամ․
ջաղացքը ինծի
ալիւր տայ․

ալի՛ւր, ալի՛ւր,
պա՛րկ մը ալիւր․

ալիւրը տանիմ
մամիկին տամ․
մամիկը
ալիւրը մաղէ,
խմորը շաղէ,
թոնիրը վառէ,
լաւաշը թխէ․

ծա՛փ, ծա՛փ,
ծափիկով,
լաւաշը ուտեմ պանիրով․

մամիկս ալիւր կւ մաղէ,
մամիկս ալիւր կը մաղէ․

մամիկս խմոր կը շաղէ,
մամիկս խմոր կը շաղէ․

մամիկս թոնիր կը վառէ,
մամիկս թոնիր կը վառէ․

թոնիրին կրակը կը պարէ,
թոնիրին կրակը կը պարէ․

մամիկս լաւաշ կը թխէ,
մամիկս լաւաշ կը թխէ․

լաւաշ հացիկ կը բուրէ,
լաւաշ հացիկ կը բուրէ․

ես ալ լաւաշը կ՚ուտեմ,
ես ալ լաւաշը կ՚ուտեմ․

ցորե՛ն, ցորե՛ն,
եգիպտացորեն․

ցորե՛ն, ցորե՛ն,
ո՞ւր է ցորեն․

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Մայրիկին գրտնակը

Դալար թաթիկ

Ամպը

Ինչ որ ցանես

Թաթիկ մատիկ – ա

Թոնիրը

Մայրիկին գրտնակը

Գաթահարսիկ

Այլ նիւթեր՝

Ահա, այսպէ՛ս…

Մանկական պատմուածքներ

Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ

Նայիրի-Ստեղն

Զարդիս մատենաշար

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ