տարին ունի
չո՛րս եղանակ․
գարուն, ամառ,
աշուն, ձմեռ․
գարուն է,
ծառին վրայ ծաղիկնե՜ր…
ամառ է,
ծառին վրայ խնձորնե՜ր…
աշուն է,
ծառին վրայ կարմիր դեղին, նարնջագոյն տերեւնե՜ր…
ձմեռ է,
ծառին վրայ ձիւնի փաթիլնե՜ր…
իսկ անտառին եղեւինը,
գարուն, ամառ,
մի՛շտ կանանչ է…
աշուն, ձմեռ․
մի՛շտ դալար է,
մշտադալար եղեւին է…
եղեւինը մշտադալար
դարձաւ տօնածառ,
շուրջը երգ ու պար…
եղեւինը մշտադալար
թող դառնայ տօնածառ,
շուրջը երգ ու պար…
այն ո՞վ է…
գլխուն վրայ երկու ծառ,
կը վազէ դէպի անտառ…
եղջերո՜ւ…