մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

լուսաստղը

քար քարի վրայ շարեցի,
մատուռ մը շինեցի․

ինչո՞ւ մատուռ․
հապա ի՞նչ․
թող ըլլայ եկեղեցի․

եկեղեցին
գմբե՛թ ունի,
վարդապետը
վեղա՛ր ունի․

վարդապետը
վեղա՛ր ունի,
եկեղեցին
գմբե՛թ ունի․

հրեշտակը փող ունի,
աւետի՜ս, աւետի՜ս…

լուսաստղը կը փայլի,
աւետի՜ս, աւետի՜ս…

թագաւո՛ր, թագաւո՛ր,
երեք թագաւոր,
արեւելքէն կու գան ուղտերով,
լեռնէն, ձորէն, անապատէն,
փայլուն աստղին հետեւելով․

թագաւո՛ր, թագաւո՛ր,
երեք թագաւոր,
արեւելքէն կու գան ընծաներով,
մելքոն, գասպար եւ պաղտասար
կ՚երթան Յիսուս մանուկին քով.

ակա՜ս, մակա՜ս,
ի՞նչն է պակաս…

սեւ մօրուք, մոխրագոյն մօրուք
եւ սրճագոյն մօրուք…

եկեղեցին գմբե՛թ չունի…
վարդապետը վեղա՛ր չունի…

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Տօն տօն է

Հովանոցը

Անձրեւը

Ճոր ճոր

Լոռիին արջուկը

Քանի՞ հրեշտակ

Մսուրը

Տօն տօն է

Մայրիկին գրտնակը

Այլ նիւթեր՝

Բագին

Փթիթ

Երդիք

Ակուլ Տուկուլ

Բառաստան