մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

բերդին խաղը

բե՛րդ, բե՛րդ,
քարէ բե՛րդ,
թագաւորը ունի
ամուր բե՛րդ․

թագաւորը ըսաւ թագուհիին,
թագուհին ըսաւ իշխանին,

– կը մօտենայ թշնամին,
  պիտի փախցնէ իշխանուհին․

ձի, ձի,
ճերմակ ձի,
ձի, ձի,
սեփ սեւ ձի,
իշխանը ունի
ճերմակ ձի,
սեփ սեւ ձի․

թամբը, սանձը,
պայտին գամը…

ձի, ձի,
ճերմակ ձի,
ձի, ձի,
սեփ սեւ ձի,
իշխանը ունի՜…

թամբը, սանձը,
գամէ պայտը…

թամբը, սանձը,
զինուորները…

թամբը, սանձը,
պատերազմը…

սեղանին վրայ խաղատախտակը,
խաղատախտակին վրայ պատերազմը,
կրնա՞ս ըսել այս խաղին անունը․

քար քարի վրայ շարեցի,
ամուր բե՛րդ մը շինեցի․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Հարիսա

Սուրբ Սարգիս

Երեք թագաւոր

Պալատին բանալին

Պալատին խաղը

Պալատին ճաշը

Փաթթուկ տամ

Այլ նիւթեր՝

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 1

Փիլիսոփայական
Սփիւռք մատենաշար

Խոնարհները

Պատմուածքներ

Օտարութեան Փորձընկալումը

Փիլիսոփայական

Աղուոր բաներ