մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

հտպիտը եւ գլխարկը

կէս կատակ, կէս շիտակ,
հտպիտ մըն եմ խեղկատակ․

կարմիր քիթ, ծա՛կ գլխարկ,
մէջէն ելաւ նապաստակ․

ծակ գլխարկէն՝
նապաստակ…

կէս կատակ, կէս շիտակ,
հտպիտ մըն եմ խեղկատակ․

կարմիր քիթ, ծա՛կ գլխարկ,
մէջէն ելաւ կարկանդակ․

ծակ գլխարկէն՝
նապաստակ, կարկանդակ…

կէս կատակ, կէս շիտակ,
հտպիտ մըն եմ խեղկատակ․

կարմիր քիթ, ծա՛կ գլխարկ,
մէջէն ելաւ չորս ջութակ․

ծակ գլխարկէն՝
նապաստակ, կարկանդակ, չորս ջութակ…

կէս կատակ, կէս շիտակ,
հտպիտ մըն եմ խեղկատակ․

կարմիր քիթ, ծա՛կ գլխարկ,
մէջէն ելաւ
թաւ ջութակ, բամբ ջութակ․

ծակ գլխարկէն…

հտպիտին աչուկները վեր կը նային…
հտպիտին աչուկները վար կը նային…

հտպիտին աչուկները աջ կը նային…
հտպիտին աչուկները ձախ կը նային…

հտպիտին աչուկները շիլ կը նային…
հտպիտին աչուկները քեզի կը նային…

բիբերը,
թարթիչները,
յօնքերը,
ո՞ւր կը նային հտպիտին աչուկները…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Սոխ սխտոր ոտնախաղ

Իշուկը

Հտպիտը

Հայելին

Մէկը միւսը

Այլ նիւթեր՝

Ձեռք ձեռքի

Մանկապարտէզի ծրագիր

Կամուրջներ շինենք

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 2

Փիլիսոփայական

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն