մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

անօթի լուսինը

մո՜ւթ է,
մո՜ւս մութ է,
ինչո՜ւ
մո՜ւս մութ է…

լուսինը
մահիկ է,
մահիկ լուսինը
նիհար է,
նիհար լուսինը
տխուր է,
տխուր լուսինը
անօթի է…

աստղիկները միասին
կարկանդակ մը թխեցին…

կերա՜ւ, կերա՜ւ
լուսինը,
համով հոտով,
ախորժակով,
մատիկներով,
կերաւ կարկանդակին կէսը,
դարձաւ կիսալուսին մը.

կերա՜ւ, կերա՜ւ
լուսինը,
համով հոտով,
ախորժակով,
թաթիկներով,
կերաւ կարկանդակին մի՛ւս կէսը,
դարձաւ
կլորիկ մլորիկ լիալուսին մը.

մո՜ւթ չէ,
մո՜ւս մութ չէ,
այս գիշեր լուսինը թագաւո՛ր է…

մէկ աստղիկ.
ինչո՜ւ մէկ.
հապա քանի՞.
թող ըլլայ
հազար ու մէկ…

կարկանդակ մը թխեցինք,
վրան մոմեր շարեցինք,
մէկ, երկու, երեք, չորս,
չորս մոմերը վառեցինք,
ուրախ զուարթ երգեցինք.
շնորհաւոր, շնորհաւոր,
տարեդարձդ շնորհաւոր…

մոմը, բոցը, պատրոյգը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Բարձ ու վերմակ, աստղ եւ լուսնակ

Արեւ լուսին աստղ

Օրօր

Այլ նիւթեր՝

Մերինները

Պատում

Մաշտոց – Ոչ այդքան ճշգրիտ պատմութիւն

Շարանկար

Տարոսիկ

Եղանակներու եւ տօներու տարեկան ծրագիր

Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ