մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

կար ու չկար

կա՜ր ու չկար,
բա՛ն մըն ալ չկար․

մաման ըսաւ․

– չկա՜յ, չկա՜յ,
  սառնարանին մէջ
  ճաշիկ չկայ․

պապան ըսաւ․

– չկա՜յ, չկա՜յ,
  գրպանիս մէջ
  դրամ չկայ․

նունիկը ըսաւ․

– չկա՜յ, չկա՜յ,
  ցնցուղիս մէջ
  ջուր չկայ․

արամիկը ըսաւ․

– չկա՜յ, չկա՜յ,
  դպրոցիս մէջ
  արձակուրդ չկայ․

կա՜ր ու չկար,
բա՛ն մըն ալ չկար,
որովհետեւ չարուկ չա մը կար․

չա՛ է, չա՛ է,
չարո՛ւկ է, չարո՛ւկ է,
ամե՛ն բանի
ո՛չ կ՚ըսէ․

դուռը գո՛ց է,
դուռը բա՛ց է,
սառնարանը
պա՛ս պարապ է․

դուռը բա՛ց է,
դուռը դո՛ց է,
սառնարանը
լե՛փ լեցուն է․

ո՞ւր է մաման,
ո՞ւր է մանեակը․

ո՞ւր է պապան,
ո՞ւր է պեխը․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Դալար թաթիկ

Ակուլ տուկուլ – Հաշուերգ

Ճաշը

Ծուխը

Տաք ապուրը

Մեծ դդում

Այլ նիւթեր՝

Ծիրանի Անուշ

Ինքնութիւն – Սփիւռք

Փորձագրութիւն

Անաւարտութիւն

Փորձագրութիւն
Զարդիս մատենաշար

Ռազմաձի

Վէպ