մեր տունը,
պարտէզը եւ տանձի ծառը․
տանձի ծառէն ի՞նչ ինկաւ…
տանձի ծառէն տա՛նձ ինկաւ…
մեր տանը առջեւ
պարտէզ կայ․
պարտէզին ծայրը
տասը տանձի ծառ․
տասը տանձի ծառին ծայրը
տասը ծանր տանձ․
մեր պարտէզին ծայրը կայ,
տասը տանձի ծառ․
տասը տանձի ծառին ծայրը
տասը ծանր տանձ․
ձեր պարտէզին ծայրն ալ կա՞յ,
տասը տանձի ծառ․
տասը տանձի ծառին ծայրը
տասը ծանր տանձ․
տանձի ծառին ճիւղին կայ,
տասը ծանր տանձ․
տանձի ծառին ճիւղին չկա՜յ,
տասը ծանր տանձ․
կեռա՜ս, կեռա՜ս,
կեռասենի․
տա՛նձ, տա՛նձ,
տանձենի․
խնձո՜ր, խնձո՜ր,
խնձորենի․
ձմերո՛ւկ, ձմերո՛ւկ,
ձմերուկենի՞․
ձմերուկը ծառին վրայ կը բուսնի՞․
խաբեցի, խաբեցի,
մուկը ծակէն հանեցի,
վրան հաւկիթ քսեցի,
ալիւրին մէջ թաթխեցի,
առանց իւղի տապկեցի,
խաբուողին կերցուցի, հի, հի, հի՜…
մեր տունը կայ
տասը պարկ․
տասը պարկին
տասը կապ․
ձեր տունն ալ կա՞յ
տասը պարկ․
տասը պարկին
տասը կապ․