մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

տունիկը եւ նունիկը

կար ու չկար,
բան մըն ալ չկար…

մատիտս առի…

քառակուսի տո՛ւփ մը գծեցի…

տուփ տունիկ եւ եռանկիւն տանիք…

տուփ տունիկ, եռանկիւն տանիք
եւ դուռ պատուհան…

ծխնելոյզ մը տանիքին վրան…

կար ու չկար,
բան մըն ալ չկար…

մատիտս առի,
պարտէզով տունիկ մը գծեցի…

պարտէզին մէջ՝ արեւածաղիկ…

յանկարծ դուռը բացաւ նունիկը,
ցնցուղով ջրեց արեւածաղիկը…

ակա՜ս մակաս, ի՞նչն է պակաս…

կար ու չկար,
բան մըն ալ չկար…
մատիտս առի,
պարտէզով տունիկ մը գծեցի…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ծուխը

Երեք հատ ցաւ

Հիւրը

Այլ նիւթեր՝

Դերաքրիստոսը

Փիլիսոփայական

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

Առցանց հանրագիտարան

Զարդիս մատենաշար

Մանկապատանեկան մատենաշար
Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը