մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

տունը եւ շունը

շուն, շուն,
տուն, տուն․

չալիկը շուն է,
չալիկը
տուն մը կ՚ուզէ…

արամիկը կացինով
փայտը կը կտրէ՝ չրը՛խկ, չրը՛խկ,
սղոցով
փայտը կը սղոցէ՝ ղը՛րթ․ ղը՛րթ…

մուրճով գամը կը գամէ՝ թը՛խկ, թը՛խկ,
աքցանով ծուռ գամը կը հանէ՝ չը՛րթ…

կը սղոցէ՜, կը գամէ՜,
չալիկին տո՛ւն մը կը շինէ,
եօթը գոյնով կը ներկէ․

չալիկը շա՜տ ուրախ է․
կը հաջէ,
հա՛ֆ, հա՛ֆ, հա՛ֆ,
կը ցատկէ,
հո՛փ, հո՛փ, հո՛փ․

ուր տուն կայ,
հոն ծուխ կայ․

գտիր շո՛ւնը,
տուր ոսկո՛րը․

շո՞ւն թէ տուն,
գտիր դո՛ւն․

միսը քեզի,
ոսկորը չալիկին…

նորէն փուչիկ ուռեցնենք
եւ մեր խաղը շարունակենք․

փուչիկները ուռեցուցի,
որ մեր խաղը շարունակուի․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Հայելին

Այլ նիւթեր՝

Բարի եկար Նուրին

Բնապահպանութիւն

Բնապահպանական միաւորներու շարք

Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը

Փիլիսոփայական

Լկրտածը

Վէպ