մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

նունիկին արեւածաղիկը

նունիկը ունէր
ցնցուղ մը եւ թաղար մը․
հողով լեցուց թաղարը,
մէջը դրաւ հունտիկ մը․
ցնցուղով ջրեց հունտիկը
ու երկա՜ր սպասեց․
մէկ օր, երկու օր…

քանի՞ օր անցաւ,
չգիտցաւ,
յանկարծ տեսաւ ծիլ ծիլիկ մը,
ուրախացա՜ւ նունիկը՝ հոփինա՜…
ցնցուղով ջրեց ծիլ ծիլիկը
ու երկա՜ր սպասեց․
մէկ օր, երկու օր…

քանի՞ օր անցաւ,
չգիտցաւ,
յանկարծ տեսաւ կոկոն մը,
ուրախացա՜ւ նունիկը՝ հոփինա՜…
ցնցուղով ջրեց կոկոնը
ու երկա՜ր սպասեց․
մէկ օր, երկու օր…

քանի՞ օր անցաւ,
չգիտցաւ,
յանկարծ տեսաւ ծաղիկ մը,
շա՜տ ուրախացաւ նունիկը՝ հոփինա՜…

նունիկը ունէր
ցնցուղ մը եւ թաղար մը․
թաղարին մէջ արեւածաղիկ մը…

արեւածաղիկ եւ նունիկ,
մէկը միւսէն անուշիկ…

ցօղունը, տերեւները,
արեւածաղիկը եւ ոսկի արեւը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Փաթթուկ – ա

Փաթթուկ – բ

Արագիլին բոյնը

Այլ նիւթեր՝

Ծիրանի Անուշ

Սփիւռք մատենաշար

Հայ աղբրտիք

Արձակ ժողովածու

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Գիտութիւն (2016)