այն ո՞վ է…
կուտ կ՚ուտէ,
հաւկիթ կ՚ածէ,
կուտ կ՚ուտէ,
հաւկիթ կ՚ածէ…
հաւուկն է,
հաւնոցին մէջ
կուտ կ՚ուտէ,
հաւկիթ կ՚ածէ,
կուտ կ՚ուտէ,
հաւկիթ կ՚ածէ…
ճերմակ հաւուկ,
գիրուկ միրուկ,
անշուշտ ածեց հաւկիթ մը,
ճերմակ հաւուկ,
գիրուկ միրուկ,
թուխս նստաւ տաքո՜ւկ տաքուկ․
անցաւ երկա՜ր ժամանակ․
օր մըն ալ յանկա՛րծ, չը՜րըխըկը,
մէջէն ելաւ ճուտիկ մը․
– կը՛տ կը՛տ կըտա՜կ,
հրա՜շք է, հրա՜շք․
ճուտիկը մեծցա՜ւ, կլորիկցաւ,
չալիկ հաւիկ մը դարձաւ․
չալիկ հաւիկ,
ճերմակ հաւուկ միասին
գոյնզգոյն հաւկիթներ ածեցին…
հաւը հաւկիթէն,
հաւկիթը հաւէն…
կը՛տ կը՛տ կըտա՜կ,
հաւկիթներ տաք տա՜ք…
ուր հաւ կայ,
հոն հաւկիթ կայ…