հայրիկ, մայրիկ,
եղբայր, քոյրիկ,
ընտանիք․
հայրիկին եղբայրը՝
հօրեղբայր․
հայրիկին քոյրը՝
հօրաքոյր․
մայրիկին եղբայրը՝
մօրեղբայր․
մայրիկին քոյրը՝
մօրաքոյր․
մեծ հայրիկ եւ մեծ մայրիկ,
երկու թոռնիկ
ընտանիք․
մոռցանք
չալիկը եւ լաչիկը…
ընտանիք՝
պզտիկէն մեծ
կամ
մեծէն պզտիկ…