մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

ալին զալին տայ

հովը ծովը,
ոսկի արեւը,
մա՜նր աւազը,
ալին զալին տա՜յ,
ալին զալին տա՜յ…

ծովուն վրայ նաւ մը կայ…

նաւը կայմը առագաստը,
հովը ծովը,
ոսկի արեւը,
մա՜նր աւազը,
ալին զալին տա՜յ,
ալին զալին տա՜յ…

նաւուն վրայ թռչուն մը կայ․
կուրծքը ճերմակ,
թեւերը սեւ,
իսկ պոչիկը մկրատաձեւ․

ծիծեռնակը`
նաւը կայմը առագաստը,
հովը ծովը,
ոսկի արեւը,
մա՜նր աւազը,
ալին զալին տա՜յ,
ալին զալին տա՜յ…

կտուցին մէջ շիւղ մը կայ․
շիւղը, ճիւղը,
կանանչ տերեւը,
նոր ծաղիկը,
ճան գարունը,
ալին զալին տա՜յ,
ալին զալին տա՜յ…

ծիծեռնակով գարուն կու գայ,
առանց ծիծեռնակի գարուն չկայ…

գտիր նաւը,
գծէ կայմը,
առագաստը եւ ալիքները․․․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ակուլ տուկուլ – Հաշուերգ

Ծուռ ու շիտակ

Այլ նիւթեր՝

Բառ ու պար

Խաղ ու մաղ

Խաղերու շարք

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

Առցանց հանրագիտարան

Ինքնութիւն – Սփիւռք

Փորձագրութիւն