մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

մէկ թել մազ

ի՞նչ է, ի՞նչ է,
մէ՛կ թել մազ է․

սանտրը ո՞ւր է,
սանտրէ՛,
սանտրէ՛․

երկա՜ր է,
շիտա՜կ է,
երկա՜ր բարակ, շիտակ մազ է,
սահո՜ւն է․

ծուռի՛կ է,
գանգո՛ւր է,
ծուռի՛կ մուռիկ, գանգուր մազ է,
թնճո՜ւկ է․

մա՛զ, մա՛զ, շիտակ մազ․
նունիկը ունի շիտակ մազ․

մա՛զ, մա՛զ, գանգուր մազ․
արամիկը ունի գանգուր մազ․

մէ՛կ թել մազ․
ինչո՞ւ մէկ․
հապա քանի՞․
թող ըլլայ
երկու թել մազ․

հոս մէկ թել մազ,
հոն մէկ թել մազ,
եղաւ շիտակ խազ․

շիտակ մազ,
գանգուր մազ,
ես ալ ունիմ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Երկար թել

Տօն տօն է

Մայրիկին գրտնակը

Մատուռը

Արեւ լուսին աստղ

Երեք թագաւոր

Ըսէ այն ո՞վ  է

Մատիկին փուշը

Քիթը եւ պեխը

Ամանոր

Երկար թելը

Կաղանդ

Հովիւները

Ճոր ճոր

Մսուրը

Տօնածառ

Այլ նիւթեր՝

Վլում

Բառաստան

Թէ ինչպէս…

Մանկապատանեկան վիպակ

Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն