մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

բարձին տակը

եկա՜ւ, եկա՜ւ,
ո՞վ եկաւ․

եկա՜ւ, եկա՜ւ,
մո՛ւկը եկաւ․

եկա՜ւ, եկա՜ւ,
ինչո՞ւ եկաւ․

արամիկին ակռան առաւ տարա՜ւ․
բարձին տակը բան մը դրաւ…

նունիկին ակռան առաւ տարա՜ւ․
բարձին տակը բան մը դրաւ…

ատամ ակռայ,
վարի ակռայ․

ատամ ակռայ,
վերի ակռայ․

ատամ ակռայ,
լինտ ու ակռայ․

ատամ ակռայ,
չկա՛յ ակռայ․

բերանս բացի,
ակռաներս համրեցի․

երկար պոչով մկնիկը
քովս եկաւ գիշեր մը,
պոչը շարժեց ու ըսաւ՝

– տակաւին ակռադ չփրթա՞ւ…

երկար պոչով մկնիկը
ինծի բերաւ կոճակ մը,
կոճակը տուաւ, ակռաս առաւ,
ակռաս առաւ ու փախա՜ւ…

մատիտդ տաշէ՛
ու զի՛ս հետապնդէ․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Բժիշկը

Կոճակը

Նուարդիկին կոճակը

Ակռահատիկ

Չորս ծակով չորս կոճակ

Այլ նիւթեր՝

Աղուոր բաներ

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը

Խաղ ու մաղ

Խաղերու շարք

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր