ուրբաթ, շաբաթ,
կիրակի՜․
դպրոց, տուն,
եկեղեցի՜․
արամիկը շապիկ հագաւ,
սարկաւագը ուրախացա՜ւ․
նունիկը պատարագը մտիկ ըրաւ,
վարդապետը ուրախացա՜ւ․
պապա՜, պապա՜,
տէր տէր պապա․
պապա՜, պապա՜,
կաղանդ պապա․
պապա՜, պապա՜,
հաճի պապա․
պապա՜, պապա՜,
մե՜ծ պապա․
զանգակատունը հո՛ս է,
գմբեթը ո՞ւր է․
արամիկը շապիկ կը հագնի
եւ շարական կը սորվի․