մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

պապուկը եւ շողգամը

օր մը
պապուկը
պարտէզին մէջ
ցանեց
շողգամ մը․

շողգամը
շո՛ւտ աճեցաւ,
շա՜տ աճեցաւ,
շատ շուտ աճեցաւ,
պապուկը տեսաւ
զարմացաւ․

պապուկը բռնեց շողգամը,
հա՛ քաշեց,
քաշքշեց,
շողգամը հողէն չհանեց․

պապուկը կանչեց մամիկը․
մամիկը պապուկէն,
պապուկը շողգամէն,
հա՛ քաշեցին,
քաշքշեցին,
շողգամը հողէն չհանեցին․

մամիկը կանչեց արամիկը․
արամիկը մամիկէն,
մամիկը պապուկէն,
պապուկը շողգամէն,
հա՛ քաշեցին,
քաշքշեցին,
շողգամը հողէն չհանեցին․

արամիկը կանչեց նունիկը․
նունիկը արամիկէն,
արամիկը մամիկէն,
մամիկը պապուկէն,
պապուկը շողգամէն,
հա՛ քաշեցին,
քաշքշեցին,
շողգամը հողէն հանեցի՜ն․

մամիկը առաւ շողգամը,
պատրաստեց համո՜վ ապուր մը․
կերա՜ն, կերա՜ն, կշտացա՛ն,
մե՜ծ շողգամէն ազատեցա՛ն․

ո՞վ եմ ես, ո՞վ ես դուն․
ո՞ւր եմ ես, ո՞ւր ես դուն․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Երկու տնկի

Ինչ որ ցանես

Քիթը թոքը

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք մատենաշար

Անջրպետի մը գրաւումը

Բանաստեղծութիւններ
Զարդիս մատենաշար

Վերջին հսկաները

Մանկապատանեկան վիպակ

Նարնիայի Քրոնիկները

Պատանեկան վիպաշարք

ՀայՍփէլ