մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

կաթսային երգը

սմբուկը ըսաւ դդումին․

– դուն դդո՛ւմ ես․

դդումը ըսաւ պղպեղին․

– դուն կծո՛ւ ես․

պղպեղը ըսաւ լոլիկին․

– դուն համո՜վ ես․

սմբուկը եւ դդումը,
պղպեղը եւ լոլիկը,
մտան
կաթսային մէջը․

սմբուկին փորը պարպեցի,
մէջը բրինձ լեցուցի․
կաթսային մէջ,
լոլիկի ջուրով եփեցի․
ես անօթի,
դուն անօթի,
սմբուկը ինծի թէ քեզի․

դդումին փորը պարպեցի,
մէջը բրինձ լեցուցի․
կաթսային մէջ,
սմբուկին հետ
լոլիկի ջուրով եփեցի․
ես անօթի,
դուն անօթի,
դդումը ինծի թէ քեզի․

պղպեղին փորը պարպեցի,
մէջը բրինձ լեցուցի․
կաթսային մէջ,
սմբուկին հետ,
դդումին հետ,
լոլիկի ջուրով եփեցի․
ես անօթի,
դուն անօթի,
պղպեղը ինծի թէ քեզի․

լոլիկին փորը պարպեցի,
մէջը բրինձ լեցուցի․
կաթսային մէջ,
սմբուկին հետ,
դդումին հետ,
պղպեղին հետ,
լոլիկի ջուրով եփեցի․
ես անօթի,
դուն անօթի,
լոլիկը ինծի թէ քեզի․

կաթսա՛յ, կաթսա՛յ,
մէջը ի՞նչ կայ․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Կաթսային մէջ

Երկարակլորախմորածակ

Կաթսային մէջ Ա

Ծայրը ո՞ւր է

Այլ նիւթեր՝

Անտիտղոս հերոսներ

Գիրքերու մատենաշար

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ

Նշանս

Մանկապատանեկան վիպակ

Հայ կեանք եւ գրականութիւն