– ո՞ւր գացիր․
շուկայ գացի․
– ե՞րբ գացիր․
երկուշաբթի շուկայ գացի,
երկու ձմերուկ գնեցի․
մէկ ձմերուկ,
երկու ձմերուկ,
գլխուս վրայ,
իրարու վրայ շարեցի,
ուրախ զուարթ տուն տարի․
երեքշաբթի շուկայ գացի,
երեք ձմերուկ գնեցի․
մէկ ձմերուկ,
երկու ձմերուկ,
երեք ձմերուկ,
գլխուս վրայ,
իրարու վրայ շարեցի,
ուրախ զուարթ տուն տարի․
չորեքշաբթի շուկայ գացի,
չորս ձմերուկ գնեցի․
մէկ ձմերուկ,
երկու ձմերուկ,
երեք ձմերուկ,
չորս ձմերուկ,
գլխուս վրայ,
իրարու վրայ շարեցի,
ուրախ զուարթ տուն տարի․
հինգշաբթի շուկայ գացի,
հինգ ձմերուկ գնեցի․
մէկ ձմերուկ,
երկու ձմերուկ,
երեք ձմերուկ,
չորս ձմերուկ,
հինգ ձմերուկ,
գլխուս վրայ,
իրարու վրայ շարեցի,
ուրախ զուարթ տուն տարի․
ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի,
ձմերուկները համրեցի․
երկու ձմերուկ
եւ երեք ձմերուկ,
եւ չորս ձմերուկ,
եւ հինգ ձմերուկ․
կրնա՞ս ըսել դուն ինծի՝
քանի՞ ձմերուկ գնեցի…