պապուկը ունի հաւնոց մը․
հաւնոցին մէջ,
պապուկը ունի տասը հաւ․
մէկ հաւէն տասը հաւկիթ․
տասը հաւէն քանի՞ հաւկիթ…
համրեցի՜, համրեցի՜,
մատիկովս համրեցի՜․
հարիւր հաւկիթ համրեցի,
պապուկին հաւնոցին
տասը հաւերուն տակ․
ինչո՞ւ հարիւր․
հապա քանի՞․
թող ըլլա՜յ
հազա՛ր․
ինչո՞ւ հազար․
հապա քանի՞․
թող ըլլա՜յ
միլիո՛ն․
հաւկիթէ՞ն հաւ,
թէ հաւէն հաւկիթ․
մէկ հաւկիթ,
տասը հաւկիթ,
հարիւր հաւկիթ,
հազար հաւկիթ,
միլիոն հաւկիթ․