Արթիւր Տէնթի համար սովորական Հինգշաբթի առաւօտ մըն է, մինչեւ այն ատեն՝ երբ տունը կը սկսի քանդուիլ։ Շատ չանցած՝ Երկրագունդն ալ կ՚ենթարկուի նոյն ճակատագրին, գերանջրպետային ճեպընթաց նոր երթուղիի մը տեղ բանալու համար, իսկ Արթիւրի լաւագոյն բարեկամը կը յայտարարէ որ ինք արտմոլորակային մըն է։ Սա պահուս անոնք սանձարձակ կը սուրան անջրպետին մէկ կողմէն միւսը, հետերնին առած միայն անձեռոց մը ու գիրք մը, որուն վրայ ծաւալուն ու համակրելի գիրերով դրոշմուած է՝ ԱՌԱՆՑ ԽՈՒՃԱՊԻ։
Գիրքը Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցն է եւ շաբաթավերջը դեռ նոր կը սկսի։
Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։