Քրիստոֆըրը 15 տարեկան տղայ մըն է։ Ան շատ բան գիտէ թուաբանութեան մասին եւ շատ քիչ բան՝ մարդկային էակներու։ «Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը» վէպը պատմողն է. ցանկերու, կաղապարներու եւ ճշմարտութեան սիրահար է։ Չի հանդուրժեր որոշ գոյներ, մասնաւորաբար՝ դեղինը եւ սրճագոյնը։ Չի հանդուրժեր նաեւ որ մարդիկ դպին իրեն։
Երբեք փողոցի ծայրէն անդին չէ գացած մինակը. բայց երբ դրացիի մը շունը սպաննուած կը գտնէ, սարսափազդու ճանապարհի մը վրայ ոտք կը կոխէ, որ իր լման աշխարհը տակն ու վրայ պիտի ընէ։
Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։