Լուսանկար
Նիլ Ռիչըրտ Կէյմըն ծնած է 10 Նոյեմբեր 1960 թուականին Փորթսմըթ, Անգլիա։ Կէյմընը իր մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանին Ք. Ս. Լեւիսի, Ճ. Ռ. Ռ. Թոլքինի եւ Էտկըր Էլըն Փոյի ստեղծագործութիւններէն կը ներշնչուէր։
1984-ին Կէյմընը իր առաջին գիրքը գրեց։ Այս գիրքը «Տուրէն Տուրէն» նուագախումբին կենսագրութիւնն էր։ Կէյմընը զանազան հրատարակչութիւններու համար բազմաթիւ շարանկարներ ստեղծեց։ Ան նաեւ մրցանակի արժանացած «Սէնտմէն» շարանկարի հեղինակն է (1989-1996)։
Նիլ Կէյմընը հիմա կ՚ապրի Մինէափոլիս, Մինեսոթա։ Իր գործերը արժանացած են զանազան համաշխարհային մրցանակներու, ինչպէս նաեւ «Նիւպէրի» եւ «Քարնըկի» մետալներուն։
Ուրկէ՞ կը ծնին գաղափարները
Գրեց՝ Նիլ Կէյմըն
Իւրաքանչիւր մասնագիտութիւն իր ծուղակները ունի։ Օրինակ, յաճախ բժիշկներէն անվճար տեղեկութիւններ կը խնդրեն կամ փաստաբաններուն օրէնքի մասին հարցումներ կը հարցնեն։ Մեռելաթաղներուն կ՚ըսեն, թէ որքա՛ն հետաքրքրական գործ մը ունին եւ յետոյ շուտ մը նիւթը կը փոխեն։ Իսկ գրողներուն կը հարցնեն, թէ ուրկէ՛ կը ծնին գաղափարները։
Գաղափարները երազներէն կը ծնին։ Գաղափարները ձանձրութենէն կը ծնին։ Գաղափարները մի՛շտ կը ծնին։ Միայն թէ, գրողներու եւ միւս անձերու միջեւ տարբերութիւն մը կայ՝ մենք այս բոլորին կ՚անդրադառնանք։
Գաղափարներ կը ծնին, երբ մենք պարզ բաներու մասին կը մտածենք։ Ամենէն կարեւոր արտայայտութիւնը հետեւեալն է. «Հապա եթէ…»
(Հապա եթէ առտուն արթննայինք եւ կարենայինք թռչիլ։ Հապա եթէ քոյրիկս մուկի մը վերածուէր։ Հապա եթէ ապագան տեսնէի։)
Եւ ուրիշ կարեւոր արտայայտութիւն մը եւս կայ՝ «Երանի…»
(Երանի կեանքը շարժանկարի մը պէս ըլլար։ Երանի ինքզինքս կարենայի կոճակի մը չափ պզտիկցնել։ Երանի ուրուական մը պարտականութիւնս ամբողջացնէր։)
Եւ յետոյ կու գան միւսները՝ «Արդեօք…» (Արդեօք ինչե՞ր կ՚ընէ երբ այդ կատուն մինակ կը մնայ), «Եթէ այսպէս շարունակուի,…» (Եթէ այսպէս շարունակուի, հեռաձայնները իրարու հետ պիտի խօսին՝ առանց մարդոց միջնորդութեան), «Հետաքրքրական չէ՞ր ըլլար, եթէ…» (Հետաքրքրական չէ՞ր ըլլար, եթէ շուները աշխարհը կառավարէին)։
Այս արտայայտութիւններուն կամ հարցումներուն շնորհիւ կը ծնին գաղափարները։ Գաղափար մը անպայման ամբողջ ծրագիր մը կրնայ չըլլալ, միայն մեկնակէտ մը կ՚ըլլայ մեզի համար, որպէսզի մենք ստեղծագործելու սկսինք։ Յաճախ այս հարցումները ամբողջ ծրագիրի մը կը վերածուին, երբ մենք կը շարունակենք հարցումներ հարցնել այդ մեկնակէտին մասին։
Գաղափարները երբեմն անձեր են (տղայ մը կախարդութեամբ կը հետաքրքրուի), երբեմն տեղեր են (աշխարհի ամենէն հեռու կէտին վրայ պալատ մը կար…), երբեմն ալ պատկերներ են (կին մը, դէմք չունեցող գլուխներով լեցուն մութ սենեակի մը մէջ կը նստի)։
Շատ անգամ գաղափարները երկու բաներու միացումով կը ծնին։ Այս երկու բաները առաջին անգամ քով-քովի կու գան։ (Ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ մարդագայլ մը աթոռ մը խածնէր»։
Գեղարուեստական գրականութիւնը երեւակայութեան ընթացք մըն է։ Ինչ որ գրենք, կարեւորը համոզիչ, հետաքրքրական եւ նոր բաներ ստեղծագործել է։ Եւ երբ գաղափար մը ունինք, որ պարզապէս մեկնակէտ մըն է, ի՞նչ պէտք է ընենք։
Պիտի գրե՛նք։ Մինչեւ որ վերջացնենք, քով-քովի պիտի շարենք բառերը։ Երբեմն կը դժուարանանք։ Երբեմն չենք կրնար բան մը գրել։ Երբեմն ամէն բան կը սրբենք եւ նորէն կը սկսինք։
Ուրկէ՞ կը ծնին գաղափարներս։
Կը յօրինեմ զանոնք։ Բայց ոչ թէ միտքիս մէջ, այլ՝ միտքէս դուրս։
Կէյմըն կ՚ըսէ, որ իր ընթերցանութեան հանդէպ ունեցած սէրը գրադարանի պաշտօնեաներուն կը պարտի։
«Առանց գրադարաններու ես այսպէս չէի ըլլար։ Ես գիրքերը լափող երեխայ մըն էի։ Ամենէն երջանիկ օրերս տեղական գրադարանին մէջ կ՚անցընէի, երբ ծնողքս գործի երթալէ առաջ զիս հոն կը ձգէր։ Հասկցայ, որ գրադարանի պաշտօնեաները իրականութեան մէջ կ՚ուզէին մեզի օգնել։ Անոնց շնորհիւ տեղեկացայ միջգրադարանային փոխառութիւններուն մասին»։