մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Ֆրանսուա Փլաս ծնած է 1957 թուականին Էզանուիլ՝ Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ։

Ան ջրաներկի շատ տաղանդաւոր նկարիչ մըն է, որուն գիրքերուն մէջ գրականութիւնը եւ արուեստը հաւասարապէս ձուլուած են։

Ֆրանսուա Փլասը Ֆրանսայի ամենէն շատ սիրուող մանկական գիրքերու հեղինակներէն մէկն է։ Անոր գիրքերը, որոնք թէ՛ կը գրէ, թէ՛ կը նկարազարդէ ինքը, արժանացած են երկրի մանկական գրականութեան ամենէն հեղինակաւոր մրցանակներուն։

Համալսարանի մէջ գրականութեան ճիւղը աւարտելէ ետք, Ֆրանսուա Փլասը տեսողական հաղորդակցութիւն ուսանած է Էսթիէնի դպրոցին մէջ (1974-1977)։ Քանի մը տարի գծագիրի եւ գովազդի արուեստանոցներու մէջ աշխատած է որպէս անկախ նկարազարդող։

1985 թուականին Փլաս ծանօթացած է Փիեռ Մարշանտին՝ Կալիմար Ժէնէսի հրատարակիչին հետ։ Մարշանտ նկատած է Ֆրանսուային տաղանդը՝ անոր պատանեկան գծագրութիւններուն մէջ։ Այնուհետեւ Փլաս ճամբորդութեան եւ աշխարհը բացայայտելու մասին վաւերագրական գիրքերու շարք մը գրած եւ նկարազարդած է։ Միեւնոյն ժամանակ, ան Կալիմարի ուղեցոյցներու հաւաքածոյին մէջ ուրիշ վաւերագրական աշխատութիւններու ալ նպաստած եւ վէպեր նկարազարդած է՝ յատկապէս Միքայէլ Մորփուրկոյին ստեղծագործութիւնները։

1992 թուականէն, այսինքն՝ «Վերջին Հսկաները» գիրքին հրատարակութենէն ի վեր, Ֆրանսուա Փլասը իր ստեղծագործութիւնները կը կառուցէ ճամբորդութեան թեմային շուրջ, գրելով վէպեր, ինչպէս՝ «Հրեշտակ»ը, «Ճերմակ Հնդիկը», «Թռչող Սովորութիւններ»ը եւ պատկերագիրքեր, ինչպէս՝ «Օրպէյի Երկրագիրներուն Քարտէզագիրքը» եւ «Մարտերու Աղջիկը»։

Ֆրանսուա Փլաս նախ բազմաթիւ պատմութիւններ կարդալով ճամբորդած է, յետոյ կարգով երեւակայած է զանոնք եւ վերջապէս աշխարհատարած զանազան մշակութային կեդրոններու հրաւէրները ընդունած է։

Փլասին նկարազարդումները պարբերաբար կը ցուցադրուին «Ար ա լա Բաժ» պատկերասրահին մէջ։

«Վերջին Հսկաները» ստացած է երեք կարեւոր մրցանակներ, որոնցմէ մէկն է Մանկական Գրականութեան Գլխաւոր Մրցանակը։

աւելին

Ֆրանսուա Փլասին Հետ Հարցազրոյց Մը

Ջրաներկով պատրաստուած նկարազարդումներու մասին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Բառաստան

Արաս

Հիփփօ

Յուշամատեան

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Ա.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն