մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Լուսանկար՝ Linda Nylind/The Guardian

Մարք Հատտընի հետ հարցազրոյցէն պատառիկներ (2006)

17 տարիէ ի վեր մանկական գիրքեր կը գրեմ։ Այս տարիներու ընթացքին անընդհատ նամակներ կը ստանայի։ Ընթերցողներէն շատեր կ՚ըսէին, թէ շատ սիրած են այս կամ այդ գիրքս։ Այդ խօսքերը ամբողջ օրս կը գեղեցկացնէին։ Ընթերցողներուն միւս մասն ալ յաճախ նոյն հարցումները կը հարցնէր. «Ինչպէ՞ս կը ստեղծէք ձեր գաղափարները» եւ եթէ երկրորդ հարցում մը հարցնէին. «Ո՞ր գոյնը ամենէն շատ կը սիրէք» կ՚ըսէին։ Երկու հարցումներուն պատասխաններն ալ չեմ գիտեր։

Մինչեւ այսօր ամենէն հետաքրքրական հարցումը տղայ մը հարցուցած է ինծի։ Ան կը հարցնէր, թէ գրածներուս վրան գիծ կը քաշեմ, թէ ոչ։ Բացատրեցի, որ աշխատանքիս մեծ մասը գիծ քաշել է եւ լաւ գրելու գաղտնիքը ա՛յդ է։

Երեք տարի առաջ գրեցի «Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը» վէպը, որ տեղի կ՚ունենայ Սուինտընի մէջ։ Վէպը Ասփըրկըրի համախտանիշ ունեցող պատանի տղու մը մասին է, որ դրացիին պարտէզին խոտերուն մէջ սպանուած շուն մը կը գտնէ։ Այս վէպը լոյս տեսաւ երկու տարբեր կողքերով՝ մէկը չափահասներու, միւսը պատանիներու համար։ Վէպը մեծ տարածում գտաւ եւ վարակիչ հիւանդութեան մը պէս ամբողջ աշխարհ սփռուեցաւ։

Որոշ առումներով այս գիրքը ամբողջովին փոխեց կեանքս։ Մէկ կողմէն ալ, ոչինչ փոխուեցաւ կեանքիս մէջ։ Գրեթէ ամէն լրագրող կը հարցնէ. «Գաղափարը ուրկէ՞ գտաք»։ Քանի որ իմ հիմնական կերպարս չի հանդուրժեր դեղինը եւ սրճագոյնը, շատեր կը հարցնեն. «Ո՞ր գոյնը ամենէն շատ կը սիրէք»։

Միւս հարցումը, որ շաբթուան մէջ առնուազն մէկ անգամ կը ստանամ, հետեւեալն է. «Երեխաներու համար եւ չափահասներու համար գրելու միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ»։ Ես ընդհանրապէս զանոնք մէկտեղող ճամբան կ՚ընտրեմ։ Իրականութեան մէջ տարբերութիւն չկայ։ Երեխաներու համար գրելը դժուար է։ Նոյնքան բարդ է չափահասներու համար գրել։ Հետեւաբար, նոյն վերաբերութեամբ պէտք է մօտենալ երկու պարագաներուն։

Երեխաներուն կրնան սարսափելի բաներ պատահիլ։ Եւ նոյնիսկ ուրախ մանկութիւն մը տխրութիւններով լեցուն կրնայ ըլլալ։ Ձեր կեանքին մէջ կա՞յ շրջան մը, երբ Երկուշաբթի կ՚ատէք ձեր ամենէն լաւ ընկերը եւ կրկին կը սիրէք զայն յաջորդ օր։ Բայց 8, 10, 12 տարեկանին չենք գիտակցիր, որ պիտի մեռնինք։ Միշտ կայ փախուստի մը հաւանականութիւնը։ Միշտ կայ ուրիշ տեղ մը, որ հեռու է։

20, 25, 30 տարեկանին կը սկսինք հասկնալ, որ փախուստի հաւանականութիւնները հետզհետէ կը պակսին։ Կը սկսինք պատկերացնել, որ շրջան մը պիտի գայ, երբ այլեւս հեռու, ուրիշ տեղ մը պիտի չգտնենք։ Բոլորս աշխատանք, երեխաներ, կողակիցներ, պարտքեր, պատասխանատուութիւններ ունինք։ Եթէ այս բաները անսահմանօրէն կը հարստացնեն մեր կեանքերը, ապա այդ պակսող հաւանականութիւններուն հետ պէտք է հաշտուինք։ Կը կարծեմ, որ գեղարուեստական գրականութիւնը կ՚ազդէ ճիշդ ա՛յս գաղափարներուն վրայ։

Միւս հարցումը, որ յաճախ դէմ յանդիման կը մնամ, հետեւեալն է. «Երբ կը գրէիք «Տարօրինակ Պատահարը», իբրեւ օրինակ ո՞վ կար ձեր միտքին մէջ։ «Ծաղրուկը սպանե՞լ» վէպը, թէ՞ «Բռնողը հաճարի արտին մէջ»ը։ Իրականութեան մէջ, յաճախ «Հպարտութիւն եւ Նախապաշարում» վէպին մասին կը մտածէի։ Ճէյն Օսթըն կը գրէր սահմանափակ կեանքեր ունեցող ձանձրալի մարդոց մասին։ Կը մոռնանք ասիկա, քանի որ Օսթընի գիրքերէն շատերը տեսած ենք պաստառի վրայ։ Անոր կին կերպարները կապուած էին երկաթէ կանոններով, թէ ի՛նչ կրնան ընել, ո՛ւր կրնան երթալ եւ ի՛նչ կրնան ըսել։ Անոնց ապագան մէկ հարցումէ կախում ունէր. որո՞ւ հետ պիտի ամուսնանային, ազնուականի՞ մը հետ, թէ՞ կարմիր, նեղ տաբատով սպասաւորի մը սիրահարելով պատրաստ պիտի ըլլային թոշակատունի մը մէջ ապրելու եւ անտեսուելու։

Բայց եւ այնպէս, Ճէյն Օսթըն այս ձանձրացուցիչ կեանքերուն մասին այնպիսի համակրութեամբ մը կը գրէ, որ անոնք անվերջօրէն հմայիչ կ՚երեւին։ Անոր համակրութեան առաջին քայլն է այս կիներու մասին այնպիսի գիրք մը գրել, որ անոնք պիտի ուզէին կարդալ, այսինքն՝ սիրավէպ մը։ Նոյն բանը ես փորձեցի ընել «Տարօրինակ Պատահարը» վէպին մէջ։ Կեանք մը ընտրել, որ սարսափելիօրէն սահմանափակուած կ՚երեւի եւ գիրք մը գրել, որուն հիմնական կերպարը պիտի ուզէր կարդալ, այսինքն՝ ոճրապատում մը։ Կը յուսայի ցոյց տալ, որ եթէ այս կեանքը դիտէիր երեւակայութեամբ, անսահման պիտի երեւէր ան։

Երբ երեխաներու համար կը գրէի, երեւակայական տեսակը կ՚ընտրէի։ Լաւ աթոռ մը կազմելու պէս էր։ Որքան ալ գեղեցիկ ըլլար, նոյն հասակով չորս ոտքերու պէտք ունէր, ճիշդ բարձրութիւնը պէտք է ունենար եւ հանգիստ պէտք է ըլլար։

«Տարօրինակ Պատահարը» վէպով փորձեցի ուրիշ բան մը ընել։ Նախ եւ առաջ, կը գրէի ինքզինքս զուարճացնելու համար, այլ ոչ թէ յիշողութեանս մէջ մնացած այդ 8 կամ 9 տարեկան երեխան։ Երկրորդ՝ այո՛ գիրքը պարզ լեզու մը եւ ուշադրութեամբ կազմուած կառուցուածք մը ունի ու ընթերցողը կը հրաւիրէ ուրիշին աշխարհը տեսնելու։ Կը կարծեմ, որ այս բոլորը գրաւիչ են երիտասարդ ընթերցողներուն համար։ Բայց կը յուսամ, որ գիրքը այս բոլորէն աւելին է։ Գիրքը շատ հանգիստ չէ եւ ոտքերը նոյն հասակով չեն։ Գիրքը անոնց մասին է, որոնց հետ մեր տարբերութիւնը շատ քիչ է, բայց մենք երես կը դարձնենք երբ զանոնք փողոցը տեսնենք։ Գիրքը իրարու հետ մեր որքա՛ն թերի հաղորդակցելուն եւ իւրաքանչիւր կեանքի որքա՛ն նեղ ըլլալուն մասին է։ Իսկ փախուստը ոչ թէ հեռանալն է (ուրիշ երկիր երթալ, ուրիշ յարաբերութիւն մը ունենալ, աւելի նիհար ըլլալով աւելի ինքնավստահ դառնալ), այլ սիրել սորվիլ ինքզինք եւ այն աշխարհը, ուր մենք մեզ կը գտնենք։

Կարդալը զրոյց մըն է։ Բոլոր գիրքերը կը խօսին, բայց լաւ գիրքը նաեւ կը լսէ։ Հակառակ երեխաներուն, չափահասներու մեծամասնութիւնը կ՚ըմբռնէ երկու գիրքերու միջեւ տարբերութիւնը։ Մէկը Կիրակի օր անձրեւոտ կէսօրէ մը յետոյ զանոնք կը կախարդէ, իսկ միւսը՝ իրենց մէջ գտնուող այդ զգացումին հետ կը ծանօթացնէ։

Ես հիմա գիրքէ մը ասիկա կը սպասեմ։ Կ՚ուզեմ, որ զիս տանի մինչեւ եզերք։ Կ՚ուզեմ այդ դուրսի մթութեան աչք նետել։

աւելին

1. Մարք Հատտընի հետ հարցազրոյցէն պատառիկներ

2. Որքա՜ն համով է հեղինակին ՀԱՑը

Այլ նիւթեր՝

Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն

Նայիրի

Բառարաններու կայքէջ

Կամուրջներ շինենք

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը