Նախ գրուած որպէս մուտք Ֆրանսահայ գրականութիւն աշխատութեան հայերէն տարբերակին (Երեւան, 2017) այս էջերը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն գրական երկլեզուութիւնը թարգմանական ընդհանուր տարածքին հունին մէջ։
Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։