«Մէկուն անունն է Անուշ, որովհետեւ շատ քաղցր ձայն ունի։ Միւսին մազերը նարնջագոյն են, անոր համար անունը դրեր են Ծիրանի։ Եթէ Անուշը եւ Ծիրանին նո՛յն գուլպան ուզեն հագուիլ նո՛յն օրը, կռիւ է որ կը փրթի։ Ծիրանին կը պոռայ՝ թթո՛ւ, Անուշը կը պոռայ՝ ճակնդե՛ղ»։
Ծիրանին եւ Անուշը երկուորեակ քոյրիկներ են. երբ իրարմէ ջղայնանան, կը սկսին իրարու նոր անուններ տալ։ Ծիրանին կը դառնայ ազատքեղ, Անուշը՝ լեղի, եւ այսպէս կը շարունակուի. բարեբախտաբար ամեն ինչ լաւ կ՚աւարտի։