Լկրտածը
«Լկրտածը» Զաւէն Պիպեռեանի անդրանիկ վէպն է, 1959 թուականին լոյս տեսած եւ այսօր վերատպումի արժանացած Արաս հրատարակչատան կողմէ։ Վէպը կը պատմէ թուրք քաղքենի ընտանիքի մը մօտ որպէս որդեգիր աղջիկ եւ խորքին մէջ՝ որպէս աղախին ապրող գեղեցիկ Կիւլկիւլին դժբախտ պատմութիւնը։ Շարժանկարային ոճով գրուած (եւ սկզբնապէս շարժանկարի համար նախատեսուած) վէպ մըն է։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է բանասէր Սեւան […]
Ծիրանի Անուշ
Ծիրանին եւ Անուշը երկուորեակ քոյրիկներ են. երբ իրարմէ ջղայնանան, կը սկսին իրարու նոր անուններ տալ։ Ծիրանին կը դառնայ ազատքեղ, Անուշը՝ լեղի, եւ այսպէս կը շարունակուի. բարեբախտաբար ամեն ինչ լաւ կ՚աւարտի։ Նախատեսուած է 3-8 տարեկաններու համար։