Րուրի
Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ, ծառին վրայ ճիւղ մը կայ… Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ, բոյնին մէջն ալ թռչնիկ մը կայ… Աստղ եւ լուսին օրօր կ’երգեն, օրօր կ’երգեն ու կ’օրօրեն… Րուրի րուրի, սիրուն թռչնիկ, անուշ քունիկ, մշիկ մշիկ… Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ, ծառին վրայ ճիւղ մը կայ… Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ, բոյնին մէջն […]
Ոսկի աղջիկ
Աղջիկ, ոսկի աղջիկ… Մազերդ սանտրեմ, մազերդ սանտրեմ, մազերդ թել թել սանտրեմ… Աղջիկ, ոսկի աղջիկ… Մազերդ սանտրեմ, մազերդ սանտրեմ, ծամերդ հիւսեմ, ծամերդ հիւսեմ, ծամերդ զոյգ զոյգ հիւսեմ… Աղջիկ, ոսկի աղջիկ… Մազերդ սանտրեմ, մազերդ սանտրեմ, ծամերդ հիւսեմ, ծամերդ հիւսեմ, աստղերուն կապեմ, աստղերուն կապեմ, աստղերը քեզ օրօրե՜ն… Աղջիկ, ոսկի աղջիկ… Աղջիկ, նազով աղջիկ… Աղջիկ, երազ աղջիկ…
Աստղերուն տակ
Երկինքին մէջ փայլուն աստղեր, աստղերուն տակ փափուկ բարձեր… Փայլուն, փայլուն աստղիկներ, փափուկ, փափուկ բարձիկներ, խաղէն յոգնած մանուկներ… Երկինքին մէջ փայլուն աստղեր, աստղերուն տակ փափուկ բարձեր… Փայլուն, փայլուն աստղիկներ, փափուկ, փափուկ բարձիկներ, մուշ, մուշ քնացող մանուկներ… Երկինքին մէջ փայլուն աստղեր, աստղերուն տակ փափուկ բարձեր… Փայլուն, փայլուն աստղիկներ, փափուկ, փափուկ բարձիկներ, մուշ, մուշ երազող մանուկներ…
Աստղերուն օրօրը
Աստղիկները երազ հիւսեն, երազ հիւսեն եւ օրօրեն… Մշի՜կ մշիկ, սիրուն թռչնիկ, յուշի՜կ յուշիկ, անուշ քունիկ… Աստղիկները երազ մաղեն, երազ մաղեն եւ օրօրեն… Մշի՜կ մշիկ, սիրուն թռչնիկ, յուշի՜կ յուշիկ, անուշ քունիկ…
Փայլուն աստղ եւ լուսին
Փայլուն աստղ եւ լուսին, բարձ ու վերմակ, անկողին… Սաւանը, փետուրէ բարձը եւ Շուշիկը տաքո՜ւկ տաքուկ վերմակին տակը… Շուշիկը ե՜ւ… Երկու աստղ եւ լուսին, բարձ ու վերմակ, անկողին… Սաւանը, փետուրէ բարձը եւ Նուշիկը տաքո՜ւկ տաքուկ վերմակին տակը… Շուշիկը, Նուշիկը ե՜ւ… Երեք աստղ եւ լուսին, բարձ ու վերմակ, անկողին… Սաւանը, փետուրէ բարձը եւ Անուշիկը տաքո՜ւկ տաքուկ վերմակին […]
Թը՜ռ
Թը՛ռ, թը՛ռ թռցնե՜մ, չիր ու չամիչ կերցնեմ… Թը՛ռ, թը՛ռ թռցնե՜մ, փայլուն աստղերուն հասցնեմ… Թը՛ռ, թը՛ռ թռցնե՜մ, երկինքէն ինկած փայլուն աստղը, ամուր գրկեմ, օրօրե՜մ… Թը՛ռ, թը՛ռ թռցնե՜մ, մեղր ու կարագ կերցնեմ… Թը՛ռ, թը՛ռ թռցնե՜մ, փայլուն աստղերուն հասցնեմ… Թը՛ռ, թը՛ռ թռցնե՜մ, երկինքէն ինկած փայլուն աստղը, ամուր գրկեմ, օրօրե՜մ…
Վերմակը
Մէկ գառնուկ, երկու գառնուկ, առաւել երկու՝ թող ըլլան չորս գառնուկ… Չորս գառնուկ, հինգ գառնուկ, առաւել երկու՝ թող ըլլան եօթը գառնուկ… Եօթը գառնուկ, Շուշիկին հետ փաթթո՛ւկ, փաթթուկ քնանան, Շուշիկին փափո՜ւկ, փափուկ վերմակ դառնան… Շուշիկին վերմակը տաքո՜ւկ, տաքուկ… Մէկ գառնուկ, երկու գառնուկ, առաւել երկու՝ թող ըլլան չորս գառնուկ… Չորս գառնուկ, հինգ գառնուկ, առաւել երկու՝ թող ըլլան եօթը […]
Եօթը գառնուկ ժամը եօթին
Ամեն իրիկուն ժամը եօթին, եօթը գառնուկ սենեակիս մէջ, անկողինիս վրայ հո՛փ, հո՛փ կը ցատկեն, հո՛փ, հո՛փ, հո՛փ, հոփինա՜ կը ցատկռտեն… Շատ չանցած՝ ժամը ութին, անօթի գայլը կը յայտնուի յանկարծ, վա՛յ… Ամեն իրիկուն՝ գայլը չեկած, այսինքն՝ ժամը ութին քառորդ մնացած, գառնուկներս կը գրկեմ, աչուկներս կը գոցեմ, տաքո՜ւկ, տաքուկ կը քնանամ, եթէ ոչ, ժամը ութին, անօթի գայլը […]
Գառնուկները
Ամպիկները գառնուկ դառնան, գառնուկները ցատկեն խաղան, երկինքէն խաղիկներ տեղան, ձագուկիս օրօրան դառնան… Օրօր, օրրան, օրօրան… Օրօր, օրրան, օրօրան… Ամպիկները գառնուկ դառնան՝ մէ՜, գառնուկները ցատկեն խաղան,մէ՜, մէ՜, երկինքէն երազներ տեղան, ձագուկիս օրօրան դառնան… Օրօր, օրրան, օրօրան… Օրօր, օրրան, օրօրան… Գառնուկները քնանան…
Քանի մը օրէն
Լուսին, լուլուսին, մահիկ լուսին, քանի մը օրէն կիսալուսին… Լուսին, լուլուսին, կիսալուսին, քանի մը օրէն լիալուսին… Լուսին, լուլուսին, լիալուսին՝ հապչի՜, քանի մը օրէն կիսալուսին… Լուսին, լուլուսին, կիսալուսին՝ հապչի՜, քանի մը օրէն մահիկ լուսին… Լուսին, լուլուսին, մահիկ լուսին՝ հապչի՜, քանի մը օրէն չկայ լուսին… Լուսին, լուլուսին, չկայ լուսին՝ չի՛ք, քանի մը օրէն՝ ծի՛կ, նորալուսին…