մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Անձրեւը

Անձրեւ է, անձրեւ է, ըսաւ մուկը, մտաւ ծակը… Հոգս չէ, հոգս չէ, ըսաւ ձուկը, շարժեց պոչը… Մուկը ծակը, ձուկը ծովը, ըսէ ինծի՝ ո՞վ է թացը… Մո՞ւկը թէ ձուկը… Ձո՞ւկը թէ մուկը… Մո՞ւկը թէ ձուկը… Ձո՞ւկը թէ մուկը… Հապչի՛…

Ապուրը

Ծուռ տանիքով տնակին առջեւ պարտէզ մը կար… Պարտէզին մէջ ո՛չ ծառ կար, ոչ ալ ծաղիկ, այլ՝ եղինջ, միայն միմիայն փո՛ւշ փո՛ւշ եղինջ… Ամեն ուրբաթ, կէս գիշերէն մէկ ժամ առաջ, ծուռ տանիքին ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէր… ժա՛մն էր, կուզ վհուկը ապո՛ւր կ՚եփէր՝ եղինջի՛ ապուր, կանա՛նչ ապուր… Ցախաւելին երկա՜ր կոթով կանանչ ապուրը կը խառնէր ու խռպոտ ձայնով կը […]

Գրպանիս մէջ

Գրպանիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ… Մէկ երկու, երեք չորս, հինգ վեց, եօթը ութ, ինը չամի՛չ… Ինը չամիչ, քիչ է, քիչ… Մէկ երկու, երեք չորս, հինգ վեց, եօթը ութ, ինը տասը, տասը չամի՛չ… Տասը չամիչ, յետոյ ի՞նչ… Մէկ երկու երեք, չորս հինգ վեց, եօթը ութ ինը, տասը չամիչ, մէկ հատ ալ նարինջ… Գրպանիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ… […]

Երեք թագաւոր

Թագաւոր, թագաւոր, երեք  թագաւոր, արեւելքէն կու գան ուղտերով, լեռնէն ձորէն, անապատէն, փայլուն աստղին հետեւելով… Երկինքին մէջ լուաստղը, լուսաստղին տակ ախոռը, ախոռին մէջ մսուրը, մսուրին մէջ՝ լո՛յս Մանուկը… Թագաւոր, թագաւոր, երեք  թագաւոր, արեւելքէն կու գան ընծաներով՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս, Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար կ’երթան նորածին Մանուկին քով…

Երկու սկիւռ

Այն ո՞վ  է… Ճիւղէ ճիւղ կը ցատկէ, կը ցատկռտէ, կաղին, ընկոյզ կը հաւաքէ… Երկու սկիւռ միասին, աշնան երրորդ հինգշաբթին հաւաքեցին շատ կաղին… Մէկ կաղին, տասը կաղին, մատիկներով համրեցին, հազար կաղին հաշուեցին… Երկու սկիւռ միասին ծակը ծուկը անտառին, կաղինները պահեցին… Հոկտեմբեր, նոյեմբեր, դեկտեմբեր, եկաւ ցո՜ւրտ ձմեռ… Երկու սկիւռ միասին ձմեռը ցուրտին ու փուքին, կաղին ուտել ուզեցին… […]

Ըսէ այն ո՞վ  է

Գլխուն վրայ գլխարկ մը կայ… Գլխարկը կարմիր է, ըսէ այն ով է, լսէ այն ով է, դուռը կը թակէ… Քիթին տակը մօրուք մը կայ… Մօրուքը երկար է, գլխարկը կարմիր  է, ըսէ այն ով է, լսէ  այն ով է, դուռը կը թակէ… Կռնակին վրայ տոպրակ մը կայ… Տոպրակը լեցուն է, մօրուքը երկար է, գլխարկը կարմիր է, […]

Խնկի ծառ

Ծառ, ծառ, խնկի ծառ, քառասուն ճիւղով խնկի ծառ, ամեն ճիւղին ճնճղուկ կար… Ծառ, ծառ, խնկի ծառ, քառասուն ճիւղով խնկի ծառ, վրան քանի՞ ճնճղուկ կար… Ծառ, ծառ, խնկի ծառ, քառասուն ճիւղով խնկի ծառ, վրան քառասուն ճնճղուկ կար… Քառասուն ճիւղ, քառասուն ճնճղուկ… Քառասուն ճիւղ, քառասուն ճնճղուկ…

Ծուխը

Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, այսօր մաման ի՞նչ կ՚եփէ… Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, մաման ոսպապուր կ՚եփէ… Ոսպապուր եւ… Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, այսօր մաման ի՞նչ կ՚եփէ… Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, մաման թանապուր կ՚եփէ… Ոսպապուր, թանապուր եւ… Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, այսօր պապան ինչ կ՚եփէ… Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, պապան հարիսա կ՚եփէ… Հարէ, հարէ, հարիսա… Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, պապան հարիսա կ՚եփէ…

Ննջասենեակը

Սենեակ, սենեակ՝ հիւրասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ճաշասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ննջասենեակ, շշշշշշշ… Մահճակալը, անկողինը, սաւանը, փետուրէ բարձը ե՜ւ… մեծ հայրիկը աչքերը գոց, վերմակին տակը… – Խռըմ  փը՜շ, խռըմ փը՜շ… Սենեակ, սենեակ՝ հիւրասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ճաշասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ննջասենեակ, շշշշշշշ… Մահճակալը, անկողինը, սաւանը, փետուրէ բարձը ե՜ւ… մեծ մայրիկը աչքերը բաց, վերմակին տակը… – Կը բաւէ խռկաս, Մարտիրոս… Մեծ հայրիկը՝ – […]

Ո՞վ

Ո՞վ կը վախնայ մուս մութէն… Ես չե՛մ վախնար մուս մութէն… Ո՞վ կը վախնայ որոտումէն… Ես չե՛մ  վախնար որոտումէն… Ո՞վ կը վախնայ ուրուականէն… Ես չե՛մ վախնար ուրուականէն… Ո՞վ կը վախնայ կմախքէն… Ես չե՛մ վախնար կմախքէն… Ո՞վ կը վախնայ գանկէն… Ես չե՛մ վախնար գանկէն… Ո՞վ կը վախնայ ծովահէնէն… Ես չե՛մ  վախնար ծովահէնէն… Ո՞վ կը վախնայ հրէշէն… Ես […]