Ուրբաթագիրք
Կար ու չկար, տանիքը ծուռ տնակ մը կար… Տնակին մէջ, խոշոր քիթով վհուկ մը կար… Ամբողջ օրը կը խռկար, իսկ գիշերը կը խենթանար… Վհուկ մըն էր կուզիկ մուզիկ, ունէր կատու մը եւ ագռաւ մը, երկուքն ալ սեւուլիկ… Կատուն խուլ էր, ագռաւը՝ կաղ, իսկ վհուկին խոշոր քիթը մազոտ կզակին կը հասնէր… Քիթին ծայրը բշտի΄կ մը կար, […]
Ուրուականը
Ուուուուո՜ւ… Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն, ճերմակ սաւան… Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն, արդուկուած, ճերմակ սաւան… Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն, ուռեցաւ, ուռեցաւ, ուրբա՛թ պայթեցաւ… Սի՛րտս փրթաւ, վախնալի՜ք… Վախնալի՞ք թէ խնդալիք… Խնդալի՜ք… Խնդալի՞ք թէ խենթանալիք… Խենթանալի՛ք… Ուուուուո՜ւ… Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն, ճերմակ սաւան…
Չափազանցութիւն
Աջ գրպանս լե՛փ լեցուն լեպլեպու, ձախ գրպանս պա՛ս պարապ, պարապ սարապ… Երկինքը՝ ամպ զամպ, մո՜ւս մութ, գնա՛ եկուր ծուռ մուռ, սուս փուս, շի՛փ շիտակ, մի՛ս մինակ… Աջ կօշիկս մա՛ս մաքուր, փա՛ս փայլուն, ձախ կօշիկս ա՛փ աղտոտ, ափս աղտոտ… Ափ ծափ, ափ ծափ ծափ, այս բոլորը՝ ափեղ ցփեղ, չափազանցութիւն… չէ՛… չափազանցութիւն… չէ՛… չափազանցութի՛ւն…
Վհուկը
Վհուկ մը կայ կուզիկ մուզիկ, մեր քաղաքէն հեռու մօտիկ… Վհուկ մըն է վախնալիք, մեզի համար խնդալիք… Կանանչ ապուր միշտ կ՚եփէ, խռպոտ ձայնով կը կանչէ՝ – Մէկ քիլօ եղինջ, յետոյ ի՞նչ… Անանուխ, աւելուկ, նեխուր սամիթ, թրթնջուկ, սպանախ, ճռճռուկ, սինձ գինձ, կնձմնձուկ… Ուշադրութիւն եթէ վախնաս, տաք ապուրին մէջ կ՚իյնաս… – Կռա΄ւ, կռա΄ւ… ո՞վ ինկաւ… ո՞վ ինկաւ… Ցախաւելով […]
Փետուրը
Թռչուններուն քով իրարանցում է… Սիրելի վարդապետին ուսերուն թառած, սիրելի վարդապետին շուրջը հաւաքուած, ամեն մէկ թռչուն կը փորձէ իր փետուրը յանձնել վարդապետին… Իմս… իմս… իմ փետուրս… Իմս… իմս… իմ փետուրս… Ի՛նչ աղմուկ… Ի՛նչ իրարանցում… Վարդապետը վերջապէս կը լռեցնէ բոլո՜ր թռչունները… Չի՛ք, չիք, աղմուկը չի΄ք… Չի՛ք, չիք եւ հրա՛շք… Հլու հնազանդ կը լռեն բոլո՜ր թռչունները… Քար լռութիւն… […]
Օձին շապիկը
Պարանի պէս երկար պոչով Պարոն օձը շապիկ ունի, իսկ շապիկը օձիք ունի՞… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Պարանի պէս երկար պոչով Պարոն օձը շապիկ ունի, իսկ շապիկը օձիք չունի… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Ո՞ւր է պարանի պէս երկար պոչով Պարոն օձին շապիկին օձիքը…
Օճառը
Սեւ ագռաւը օճառ գտաւ. օճառը առաւ ճուլո՛ւմբ, ջուրը մտաւ, ամբողջ օրը ան լոգցաւ… Լուա՜ց կըտ կտուցը… Լուա՜ց փոր փորիկը… Լուա՜ց պոչ պոչիկը… Բայց սեւ գոյնը չանցաւ, չանցաւ… Սեւ ագռաւը շա՛տ բարկացաւ, սաստի՛կ զայրացաւ… Ջուրէն ելաւ, օճառը նետեց ու կռկռաց՝ – Ղա՜, ղա՜, օճա՞ռ է սա…
Օճառը եւ օճառը
Օճառը հարցուց օճառին՝ – Ինչո՞վ կ՚օճառուիս… Օճառը պատասխանեց օճառին՝ – Օճառով կ՚օճառուիմ… Օճառը օճառով օճառուեցաւ, օճառուեցաւ, օճառուեցան, օճառուեցան, փրփրեցան, փրփրեցան, հալեցան, հալեցան, անհետացան…
Պըճինկօ
Այբ Բեն Գիմ, ձեզի հանելուկ ունիմ… Դա Եչ Զա, ան որ կը գիտնայ… Է Ըթ Թօ, պէտք է ըսէ՝ պըճինկօ… Ժէ Ինի Լիւն, շատ դիւրին… Խէ Ծա Կեն, ո՞վ ելաւ ծակէն… Հօ Ձա Ղատ, ո՞վ ունի սապատ… Ճէ Մեն Յի, շապիկ ունի, կոճակ չունի… Նու Շա Ո, մուկը ուղտը, Պարոն օձը, պըճինկօ… Չա Պէ Ջէ, […]
Աղջիկ աղջիկ
Աղջիկ, աղջիկ, մուկի պոչիկ, տաք, տաք ջուրով, անուշ բաղնիք… Պզտիկ բերան՝ մատուռի խորան… Բարակ մատներ՝ մատուռի մոմեր… Աղջիկ, աղջիկ, ոսկի աղջիկ, վարդի ջուրով, անուշ բաղնիք… Պզտիկ բերան՝ մատուռի խորան… Բարակ մատներ՝ մատուռի մոմեր… Երկար մազեր՝ մատուռի աւել…