մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Ծառը

Ծառը ծուռ է, ծառը ծեր է… Ծուռ է, ծեր է, ծուռ ծեր ծառ է… Ծառը ծեր է, ծառը ծուռ է… Ծեր է, ծուռ է, ծեր ծուռ ծառ է… Ծուռ ծեր ծա՞ռ… Ծե՛ր ծուռ ծառ… Ծեր ծուռ ծա՞ռ… Ծո՛ւռ ծեր ծառ…

Կարկանդակը

Կարկանդակ մը թխեցինք, վրան մոմեր շարեցինք… Մէկ, երկու,երեք, չորս… Չորս մոմերը վառեցինք, ուրախ զուարթ երգեցինք… Շնորհաւոր, շնորհաւոր, տարեդարձդ շնորհաւոր… Կարկանդակ մը թխեցինք, վրան մոմեր շարեցինք… Մէկ, երկու,երեք, չորս, հինգ… Հինգ մոմերը վառեցինք, ուրախ զուարթ երգեցինք… Շնորհաւոր, շնորհաւոր, տարեդարձդ շնորհաւոր…

Կօշիկը

Իմ կօշիկս կը պարէ, երկու առջեւ, մէկ ետեւ, երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ… Իմ կօշիկս կը պարէ, քու կօշիկդ կը պարէ, երկու առջեւ, մէկ ետեւ, երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ… Իմ կօշիկս կը պարէ, քու կօշիկդ կը պարէ, իր կօշիկը կը պարէ, երկու առջեւ, մէկ ետեւ, երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ… Քոչարի՜… Քոչարի՜…

Հովանոցը

Հովանոցիս տակ հինգ հատ կաչաղակ կ՚երգեն շարունակ… Չկա՛յ, չկա՛յ, անձրեւ չկայ, ան որ կ՚ուզէ հոս թող գայ… Հովանոցիս տակ հինգ հատ կաչաղակ, տասը հատ թութակ կ՚երգեն շարունակ… Չկա՛յ, չկա՛յ, անձրեւ չկայ, ան որ կ՚ուզէ հոս թող գայ…

Ճաշը

Աթոռ սեղան՝ ճաշասեղան, իսկ վրա՞ն… Դգալը եւ դանակը, դանակը եւ պնակը, պնակը եւ պատառաքաղը, այսօր ի՞նչ է մեր ճաշը… Երկար է, կլոր է, խմոր է… Երկարակլորախմորածակ, երկարակլորախմորածակ… Երկարակլորախմորածափ, երկարակլորախմորածափ… Դգալը եւ դանակը, դանակը եւ պնակը, պնակը եւ պատառաքաղը, վաղը ի՞նչ է մեր ճաշը… Հելէ հելէ, հելէ հելէ, վաղը թող ըլլայ… Հելէ հելէ, հելէ հելէ, վաղը […]

Մատուռը

Քար քարի վրայ շարեցի, մատուռ մը շինեցի, վրան գմբեթ մը տեղաւորեցի, ականջս դրան մօտեցուցի, սուսիկ փուսիկ պատարագը մտիկ ըրի… Երբ պատարագը վերջացաւ, մատուռին դուռը բացուեցաւ, վարդապետը դուրս ելաւ, երկար մօրուքը շարժեց ու ըսաւ՝ – Մոմ վառեցի՞ր այս կիրակի…

Մոլորակները

Արեւ լուսին՝ աստղ… Արեւ լուսին՝ ամպ… Արեւ լուսին՝ արբանեակ… Արեւ լուսին՝ մոլորակ… Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ, Լուսնթագ եւ Երեւակ, Ուրանոս, Պոսիդոն, Պետրոսը գնաց Պոսթոն, Լեւոնը գնաց Լոնտոն, Փանոսը դարձաւ փարաւոն, Մելքոնը կերաւ մագարոն… Փայլածուն, Արուսեակը՝ շատ տաք, շատ տաք… Երկիրը՝ կապոյտ մոլորակ… Հրատը՝ կարմիր մոլորակ… Լուսնթագը՝ մեծ գնդակ… Երեւակը՝ ունի օղակ… Ուրանոս, Պոսիդոն, ութ […]

Շէնքերը

Հոս շէնք մը, հոն ալ շէնք մը… Շէնքերը բարձրացան, թռչուններն ալ զարմացան, ասոր անոր հարցուցին՝ ի՞նչ է անունը աս ծառին… Հոս շէնք մը, հոն ալ շէնք մը… Շէնքերը բարձրացան, թռչուններն ալ զարմացան, ասոր անոր հարցուցին՝ ի՞նչ է պտուղը աս ծառին…

Տանձը

Մեր տանը առջեւ պարտէզ կայ. պարտէզին ծայրը մէկ տանձի ծառ… Ինչո՞ւ մէկ… Հապա քանի՞… Թող ըլլայ տասը… Մեր տանը առջեւ պարտէզ կայ. պարտէզին ծայրը տասը տանձի ծառ… Տասը տանձի ծառին ծայրը, տասը ծանր տանձ… Մեր պարտէզին ծայրը կայ, տասը տանձի ծառ… Տասը տանձի ծառին ծայրը, տասը ծանր տանձ… Ձեր պարտէզին ծայրն ալ կա՞յ, տասը տանձի […]

կիրակի

ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի՜․ դպրոց, տուն, եկեղեցի՜․ արամիկը շապիկ հագաւ, սարկաւագը ուրախացա՜ւ․ նունիկը պատարագը մտիկ ըրաւ, վարդապետը ուրախացա՜ւ․ պապա՜, պապա՜, տէր տէր պապա․ պապա՜, պապա՜, կաղանդ պապա․ պապա՜, պապա՜, հաճի պապա․ պապա՜, պապա՜, մե՜ծ պապա․ զանգակատունը հո՛ս է, գմբեթը ո՞ւր է․ արամիկը շապիկ կը հագնի եւ շարական կը սորվի․