Զատիկ է
Մեր հաւուկը խատուտիկ է, գոյն գոյն հաւկիթ ածեր է… Այսօր մեզի կարմիր, կանանչ Զատիկ է… Կարմիր հաւկիթը կը գլորի, կանանչ հաւկիթը կը պտտի… Այսօր մեզի երգով խաղով, կարմիր, կանանչ Զատիկ է… Մաման չէօրէք թխեր է, պապան փիլաւ եփեր է… Այսօր մեզի համով հոտով, երգով խաղով, կարմիր, կանանչ Զատիկ է…
Հաւուկ հաւիկ
Հաւուկ, հաւիկ, խատուտիկ, կու տամ քեզի, կուտ կուտիկ… Կուտիկ ուտես, գիրուկնաս, հաւկիթ ածես ինծի տաս… Հաւուկ, հաւիկ, խատուտիկ, առանց քեզի չկայ Զատիկ… Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կարմիր հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց դեղին հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կանանչ հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կապոյտ հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց […]
Ախ ըլլայի ըլլայի
Ախ ըլլայի, ըլլայի, պզտիկ ձուկ մը ըլլայի… Ամբողջ օրը՝ չըլըփ չըլըփ, ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ, ուրախ զուարթ լողայի… Սուր կարթը… Փախի՛մ, փախիմ… Ախ ըլլայի, ըլլայի, պզտիկ ձուկ մը ըլլայի… Ամբողջ օրը՝ չըլըփ չըլըփ, ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ, ուրախ զուարթ լողայի… Ուռկանը… Փախի՛մ, փախիմ… Ախ ըլլայի, ըլլայի, պզտիկ ձուկ մը ըլլայի… Ամբողջ օրը՝ չըլըփ չըլըփ, ջուրին […]
Արմաւենի ձիթենի
Թաթիկ, թաթիկ, ա՛ջ թաթիկ, մէջը պարտէզ ու տնկի… Թաթիկ, թաթիկ, ձա՛խ թաթիկ մէջը պարտէզ ու տնկի… Աջ թաթիկէն՝ արմաւենի, ձախ թաթիկէն՝ ձիթենի… Աջ թաթիկէն՝ արմաւենի, ձախ թաթիկէն՝ ձիթենի… Արմաւենի, ձիթենի, Ծառզարդար է այս կիրակի… Արմաւենի, ձիթենի, Ծաղկազարդ է այս կիրակի… Արմաւենի, ձիթենի, Ծաղկեպսակ ո՞վ ունի… Արմաւենի, ձիթենի, Ծաղկեպսակ Շուշիկը ունի՜… Արմաւենի, ձիթենի, Ծառզարդար է այս […]
Գլուխկոնծի
Ա՜խ, ախ, աջ ձեռքս կը ցաւի… Ո՛չ աջ ձեռքս, ձա՛խ ձեռքս կը ցաւի… Ոչ աջ ձեռքս, ոչ ձախ ձեռքս, աջ ո՛տքս կը ցաւի… Ոչ աջ ձեռքս, ոչ ձախ ձեռքս, ոչ աջ ոտքս, ձա՛խ ոտքս կը ցաւի… Ոչ աջ ձեռքս, ոչ ձախ ձեռքս, ոչ աջ ոտքս, ոչ ձախ ոտքս, փորի՛կս կը ցաւի… Ոչ աջ ձեռքս, ոչ […]
Ասեղ դերձան – բ
Կարմիր դերձան ունենայի, ասեղի ծակէն անցընէի… Ասեղի ծակէն անցընէի, կարմիր հագուստ կարէի… Ասեղ դերձան, թելթելակար, ասեղ դերձան, մասմաքուրկար… Կանանչ դերձան ունենայի, ասեղի ծակէն անցընէի… Ասեղի ծակէն անցընէի, կանանչ գօտիկ կարէի… Ասեղ դերձան, թելթելակար, ասեղ դերձան, մասմաքուրկար…
Ասեղ դերձան – ա
Կարմիր դերձան ունենայի, ասեղի ծակէն անցընէի… Ասեղի ծակէն անցընէի, կարմիր շապիկ կարէի… Ասեղ դերձան, թելթելակար, ասեղ դերձան, մասմաքուրկար… Կանանչ դերձան ունենայի, ասեղի ծակէն անցընէի… Ասեղի ծակէն անցընէի, կանանչ գօտիկ կարէի… Ասեղ դերձան, թելթելակար, ասեղ դերձան, մասմաքուրկար…
Գաթահարսիկ
Ալիւրի պարկէն ելեր է, լուսափայլ գոգնոցը կապեր է, մեզի գաթայ թխեր է… Գաթահարսիկ, խմորէ թաթիկ, ալիւրի պարկէն մեզի բարիք… Ալիւրի պարկէն ելեր է, լուսափայլ գոգնոցը կապեր է, ձեզի գաթայ թխեր է… Գաթահարսիկ, խմորէ թաթիկ, ալիւրի պարկէն ձեզի բարիք… Ալիւրի պարկէն ելեր է, լուսափայլ գոգնոցը կապեր է, բոլորին գաթայ թխեր է… Գաթահարսիկ, խմորէ թաթիկ, ալիւրի […]
Ճախարակ
Ճախարակ, ճախարակ, դարձիր, դարձիր, շարունակ… Ճախարակ, ճախարակ, մանէ, մանէ, բուրդ բամպակ, բուրդ բամպակ, բուրդ բամպակ… Ճախարակ, ճախարակ, դարձիր, դարձիր, հակառակ… Ճախարակ, ճախարակ, մանէ, մանէ, յուշ յիշատակ, յուշ յիշատակ, անուշ յիշատակ… Ճախարակ, ճախարակ, դարձիր, դարձիր, շարունակ… Ճախարակ, ճախարակ…
Օրօր
Արցունքները թիթեռ դառնան, ծաղիկները բարձիկ դառնան… Փչէ հովիկ, յուշիկ յուշիկ, օրօր օրօր, մշիկ մշիկ… Թիթեռ, ծաղիկ, փափուկ բարձիկ, պարտէզին մէջ անուշ քունիկ… Փչէ հովիկ, յուշիկ յուշիկ, օրօր օրօր, մշիկ մշիկ…