Գոց աչուկ բաց աչուկ
Մէկ երկու, գոց աչուկ… Երեք չորս, աչխփուկ… Հինգ վեց, բաց աչուկ… Եօթը ութ, պահուըտուք… Ինը տասը, ծակ ու ծուկ… Մէկ երկու, ես աչխփուկ… Երեք չորս, դուն պահուըուք… Հինգ վեց, բաց աչուկ… Եօթը ութ, փնտռտուք… Ինը տասը, ծի՛կ, փաթթո՛ւկ…
Շուք շուք
Արեւուն տակ հետս կը քալէ շարունակ… Երբեմն առջեւէս, վիզը երկա՜ր ընձուղտի նման… Երբեմն ետեւէս, գիրուկ միրուկ արջուկի նման… Երբեմն ալ աջ կողմէս կամ ձախ կողմէս, սուսիկ փուսիկ փիսիկի նման… Շո՛ւք, շո՛ւք, հետս կը քալես անշշուկ… Արեւուն տակ հետս կը խաղայ շարունակ… Կը ցատկէ, կը ցատկռտէ, կրկէսէ փախած կապիկի նման, ի՛նչ որ ընեմ կը կապկէ եւ […]
Հանելուկ՝ ա՞ջ թէ ձախ
Հանելուկ է, մտածէ՜, պատասխանը արդեօք ո՞ւր մտած է… Այն ո՞վ է… Ցախաւելով փոշին կ՚աւլէ, կ՚աւելցնէ՜… Ցախաւելը ձա՞խ ձեռքին, թէ աջ ձեռքին… Աջ ձեռքին կամ ձախ ձեռքին… Ձա՛խ ձեռքին, ոչ աջ ձեռքին… Ցախաւելը Շուշիկին… Ցախաւելը ձա՞խ ձեռքին, թէ աջ ձեռքին… Աջ ձեռքին կամ ձախ ձեռքին… Ձա՛խ ձեռքին, ոչ աջ ձեռքին… Ցախաւելը Նուշիկին… յ․գ․ Այն երեխան, որուն […]
Հանելուկ՝ ո՞վ ինկաւ
Հանելուկ է, մտածէ՜, պատասխանը արդեօք ո՞ւր մտած է… Այն ո՞վ է… Կանանչ ապուր միշտ կ’եփէ… Կանանչ ապուր միշտ կ’ուտէ… Եթէ չգիտնաս, չըլը΄փ, չըլը΄փ, տաք ապուրին մէջ կ’իյնաս… – Չըլը΄փ, չըլը΄փ ո՞վ ինկաւ… – Չըլը΄փ, չըլը΄փ Շուշի՛կը ինկաւ… – Չըլը΄փ, չըլը΄փ ո՞վ ինկաւ… – Չըլը΄փ, չըլը΄փ Նուշի՛կը ո՞վ ինկաւ… յ․գ․ Այն երեխան, որուն անունը կը տրուի, […]
Ծայրը ո՞ւր է
Երկար է, կլոր է, խմոր է, խառնիխուռն է, ծայրը ո՞ւր է… Երկար է, կլոր է, խմոր է, խառնիխուռն է, մէկ ծայրը՝ քովս է, միւս ծայրը՝ Շուշիկին քովն է… Երկար է, կլոր է, խմոր է, խառնիխուռն է, ծայրը ո՞ւր է… Երկար է, կլոր է, խմոր է, խառնիխուռն է, մէկ ծայրը՝ քովս է, միւս ծայրը՝ Նուշիկին քովն […]
Մատիտը
Ահաւասիկ կ’երթամ դպրոց, կ’ուզեմ դառնալ գրոց բրոց… Ամեն բան արդէն գիտեմ, միայն սա մատիտը երբ կը բռնեմ, ծուռիկ մուռիկ ես կը գրեմ… Բայց բարձրաձայն ձեզի կ’ըսեմ՝ ես չե΄մ մեղաւոր, սա մատիտն է յանցաւոր…
Փաթթուկ տամ
Ողնայարը, շարէ, շարէ ողնաշարը եւ մէկ երկու, տասներկու, անգամ երկու, տասը, քսան, չորս՝ քսանչորս ոսկորները… Քսանչորս ոսկորներով վանդակը, վանդակին մէջ թռչուն սրտիկը կը տրոփէ՝ Տամ, տամ, տամ, փաթթուկ տամ… Տամ, տամ, որո՞ւն տամ… Տամ, տամ, Շուշիկին տամ… Տամ, տամ, տամ, փաթթուկ տամ… Տամ, տամ, որո՞ւն տամ… Տամ, տամ, Նուշիկին տամ… Տամ, տամ, տամ, փաթթուկ տամ… […]
Արդուկը
Արդուկեմ, արդուկեմ, պապային շապիկը արդուկեմ… Ո՛չ, ոչ… Արդուկեմ, արդուկեմ, պապային տաբատը արդուկեմ… Ո՛չ, ոչ… Արդուկեմ, արդուկեմ, պապային գլո՛ւխը արդուկեմ… Արդուկեմ, արդուկեմ, մամային հագուստը արդուկեմ… Ո՛չ, ոչ… Արդուկեմ, արդուկեմ, մամային փէշը արդուկեմ… Ո՛չ, ոչ… Արդուկեմ, արդուկեմ, մամային գլո՛ւխը արդուկեմ… Արդուկեմ, արդուկեմ…
Վերամուտ
Սեպտեմբեր, ժպիտով կամ արցունքով, դպրոց գացող մանուկնե՜ր, իսկ ծառերէն կը տեղան կարմիր դեղին տերեւնե՜ր… Հոկտեմբեր, նոյեմբեր, երկինքին մէջ երա՜մ երամ հեռացող թռչուններ, կը մօտենայ ցո՜ւրտ ձմեռ… Դեկտեմբեր, փափո՜ւկ փափուկ փաթիլներ, կարմիր կանանչ զարդարուած եղեւիններ, փա՛ս փայլուն աստղիկներ, բարի՜ բարի մաղթանքներ… Հին տարին կը գլորի, նոր տարին կը սկսի, բոլորը ձեռք ձեռքի կը բռնեն շուրջպար, ահա […]
Քանի՞ հրեշտակ
Փա՛ս փայլուն լուսապսակ, մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ, սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ… Փա՛ս փայլուն լուսապսակ, մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ, սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ, քնար նուագող երկու հրեշտակ… Փա՛ս փայլուն լուսապսակ, մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ, սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ, քնար նուագող երկու հրեշտակ, երկար փողերով երեք հրեշտակ… Փա՛ս փայլուն լուսապսակ, մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ, սրինգ նուագող մէկ […]