Քանի տոտիկ
Պը՛զ պը՛զ, պուտ պուտիկ, տը՛զ տը՛զ, տուտուխիկ… Տուտուխիկ, տուտմարուխիկ, խատուտիկ, խա՛ղ տոտիկ… Տուտուխիկ, տուտմարուխիկ, խատուտիկ, ճանճի՛ տոտիկ… Ինչպէ՞ս խաղալ… Երեխաները խաղիկը կրկնելով, ճճիներու նման կը թռչկոտին շրջանակին մէջ տզզալով, տզտզալով… Երբ լսեն՝ ճանճի՛ տոտիկ, երեխաները շուտով պէտք է երե՛ք երեք խմբուին ու նաւակի նման, ետեւ ետեւի գետինը նստին, որ վեց տոտիկով ճանճիկ դառնան… Խաղը կը […]
Ճպուռը եւ կիտուռը
Ճըռ ճըռ, ճպուռը… Կըռ կըռ, կիտուռը… Ճպուռը ճռճռաց, կիտուռը կռկռաց… Ճպո՛ւռ, կիտո՛ւռ, գլուխս գնա՜ց… Ճըռ ճըռ, ճպուռը… Կըռ կըռ, կիտուռը… Ճպուռը ճռճռաց, կիտուռը կռկռաց… Ճպո՛ւռ, կիտո՛ւռ, մնացէք լո՛ւռ… Ճըռ ճըռ, ճպուռը… Կըռ կըռ, կիտուռը… Ճպուռը ճռճռաց, կիտուռը կռկռաց… Ո՛չ ճպուռը լուռ մնաց, ո՛չ կիտուռը լուռ մնաց… Ճըռ ճըռ, ճպուռը… Կըռ կըռ, կիտուռը…
Ծառը ծակը
Ծակ, ծակ, ծա՛կ, ծա՛կ, ծա՛կ… Անտառին մէջ այն ո՞վ է, բոլոր ծառերը կը ծակծկէ… Ծակ, ծակ, հազարումէկ ծակ… Անտառին մէջ փայտփորիկն է, երկար կտուցով բոլո՜ր ծառերը կը ծակծկէ… Ծակը, ծակը, ծակը, ծակը, ծառը՝ ծակը, ծակը, ծակը, ծառը՝ ծակը, ծակը, ծակը, ծառը ծակը, ծառը ծակը, ծառը՝ ծակը… Կը ծակծկէ՞, թէ կը նուագէ…
Չկայ չէ չէ
Կաչաղակը չաչանակ էր, կարկաչայի նման, անվերջ կը կարկաչէր, կրիային գլո՛ւխը կ՚արդուկէր, կարծես ամե՛ն օր Զատիկ էր… Կարկաչայ, կարկաչայ, ամեն օր Զատիկ կ՚ըլլա՞յ… Կարկաչայ, կարկաչայ, լռութիւն չկա՛յ ու չկա՛յ… Կարկաչային աղմուկը վերջ չունէ՛ր, կաչաղակին աղաղակը անտանելի էր, իսկ կրիան կը չարչարուէ՜ր, կը տառապէ՜ր… Կաչաղակ, չաչանակ, այս ի՞նչ աղմուկ, աղաղակ… Կաչաղակ, չաչանակ, այս ի՞նչ աղմուկ, աղաղակ… Վերջ […]
Գորտը գորտին
Գորտը գորտին ձայն կու տայ՝ Կու գամ կոր, կու գամ կոր… Կու գա՞ս կոր, կու գա՞ս կոր… Ե՞րբ, ե՞րբ, ե՞րբ, երբ… Կիրակի օրը, կիրակի օրը… Կիրակի օրը, կիրակի օրը… Կիրակի օրը, գորտը գորտին ձայն կու տայ՝ Կ՚ուտեմ կոր, կ՚ուտեմ կոր… Կ՚ուտե՞ս կոր, կ՚ուտե՞ս կոր… Կէսը կեր, կէսը կեր… Կէսը տուր, կէսը տուր… Բոլո՜ր գորտերը միասին՝ […]
Շերեփը եւ շերեփուկը
Շերեփը՝ երկա՜ր կոթով շերեփը… Ո՛չ, ոչ, շերեփուկը՝ երկա՜ր պոչով շերեփուկը… Շերեփը, ապուրին մէջը, Շերեփուկը ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ, չըլըփ չըլըփ… Շարան շարան օրեր անցան՝ երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի, հինգշաբթի, ուրբաթ շաբաթ կիրակի, ե՜ւ… շերեփուկին տոտիկնե՛ր բուսան… Անհաւատալի՛ բան… Տոտիկները, երկար պոչը, շերեփուկը ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ, չըլըփ չըլըփ… Շարան շարան օրեր անցան՝ երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի, հինգշաբթի, […]
Արագիլը՜
Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլը բարի՛ եկաւ, արդեօք հետը ի՞նչ բերաւ… Իշուկին քուռա՛կ բերաւ, կովուկին՝ հորթո՛ւկ, իսկ ձիուկին՝ մտրո՛ւկ… Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլը բարի՛ եկաւ, արդեօք հետը ի՞նչ բերաւ… Ոչխարին գառնո՛ւկ բերաւ, այծուկին՝ ուլի՛կ, ձեզի՝ աղբարիկ, իսկ մեզի՝ քոյրիկ… Գառնուկ աղբարիկ, ուլուլիկ քոյրիկ… Աղբարիկը՝ աղուորիկ, իսկ քոյրիկը՝ քնքոյշիկ, պուպուշիկ, նունուշիկ, […]
Ստեպղինը
Նապաստակը եւ ձիւնամարդը ընկերներ էին, մտերի՜մ ընկերներ… Նապաստակը ձիւնամարդուն շուրջը հո՛փ, հո՛փ կը ցատկէր, հո՛փ, հո՛փ, հո՛փ կը ցատկռտէր, իսկ ձիւնամարդը լո՜ւռ ու անշարժ կը ժպտէ՜ր… Արեւոտ առաւօտ մը՝ նապաստակը երբ իր ծակէն դուրս ելաւ, ապշեցա՜ւ՝ աա՜… զարմացա՜ւ՝ օօօ՜… Աջ դարձաւ, ձախ դարձաւ, մտերիմ ընկերը չգտաւ… Տարօրինակ էր, ձիւնամարդը իր տեղէն բնա՛ւ չէր շարժեր… Արդեօք […]
Փիղին փիւրը
Պարոն փիղը, Տիկին փիղը, Տէր եւ Տիկին փիղերը… Պարոն փիղին փողկապը… Տիկին փիղին փո՛թ, փո՛թ փէշը… Փողկապը, փո՛թ, փո՛թ փէշը, Տէր եւ Տիկին փիղերը…
Մազմազիկը
Մազմազիկը սարդի՛կ էր, ութ հատ տոտիկ ունէր, սակայն օրին մէկը, ի՞նչ պատահեցաւ, ինչպէ՞ս եղաւ, տոտիկ մը փրթաւ, եօթը տոտիկով սարդիկ դարձաւ… Մազմազիկը տխրեցաւ, տրտմեցաւ, ցա՜ւ, ցա՜ւ, աշխարհը գլխո՛ւն փլաւ, սակայն ուզէր չուզէր կեանքը պիտի շարունակուէր… Մազմազիկը սարդի՛կ էր, ժամանակին ութ հատ տոտիկ ունէր, սակայն օրին մէկը, գլխուն փորձա՛նք մը ինկաւ, եօթը տոտիկով սարդիկ դարձաւ… Ժամանակը […]