Վերջին հսկաները
19րդ դարու կէսերուն, օր մը Արշիպալտ Լեոփոլտ Րութմոր կը ձգէ իր գեղեցիկ գրադարանը եւ սիրելի տունը ու կը մեկնի իր երազին ետեւէն, որ է՝ գտնել Հսկաներու երկիրը։ Տարբեր արկածախնդրութիւններէ, երկար նաւարկութենէ եւ շրջան մը՝ առանձին քալելէ ետք, վերջապէս կը հասնի, կը գտնէ այդ հսկաները ու կը մտերմանայ անոնց հետ։ Կը վերադառնայ Անգլիա ու գիրք մը […]
Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը
Քրիստոֆըրը 15 տարեկան տղայ մըն է։ Ան շատ բան գիտէ թուաբանութեան մասին եւ շատ քիչ բան՝ մարդկային էակներու։ «Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը» վէպը պատմողն է. ցանկերու, կաղապարներու եւ ճշմարտութեան սիրահար է։ Չի հանդուրժեր որոշ գոյներ, մասնաւորաբար՝ դեղինը եւ սրճագոյնը։ Չի հանդուրժեր նաեւ որ մարդիկ դպին իրեն։ Երբեք փողոցի ծայրէն անդին չէ գացած մինակը. բայց […]
Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը
Արթիւր Տէնթի համար սովորական Հինգշաբթի առաւօտ մըն է, մինչեւ այն ատեն՝ երբ տունը կը սկսի քանդուիլ։ Շատ չանցած՝ Երկրագունդն ալ կ՚ենթարկուի նոյն ճակատագրին, գերանջրպետային ճեպընթաց նոր երթուղիի մը տեղ բանալու համար, իսկ Արթիւրի լաւագոյն բարեկամը կը յայտարարէ որ ինք արտմոլորակային մըն է։ Սա պահուս անոնք սանձարձակ կը սուրան անջրպետին մէկ կողմէն միւսը, հետերնին առած միայն […]
Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման
Երբ մարդ ընկեր մը ունի, ո՛չ մէկ բանէ վախնալու պէտք ունի»։ Արջուկը եւ Վագրիկը մտերիմ ընկերներ են եւ ոչ մէկ բանէ կը վախնան, քանի որ միասին խենթանալիք ուժեղ են, արջուկի մը եւ վագրիկի մը պէս ուժեղ։ Գետակի եզերքին իրենց տունին մէջ շատ հանգիստ են։ Բայց եւ այնպէս, օր մը ճամբայ կ՚իյնան իրենց երազներուն երկիրը՝ Փանաման […]
Սփիւռք մատենաշար
Սփիւռք Մատենաշարը ընթերցողին կը հրամցնէ հայ գրականութենէն ընտրանի մը՝ գիրքեր որոնց հրատարակութիւնները սպառած են եւ կամ քիչ ծանօթ են հանրութեան, հակառակ անոնց կարեւոր պատմական դերին եւ գրական արժէքին։ «Ակտուալ Արուեստ»-ի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ հրատարակուած այս գիրքերը, ընթերցողներուն կը ներկայացնէ արեւմտահայ սփիւռքի փորձառութիւնը, անոր արտադրած գրականութեան միջոցաւ։ Գիրքերը կարելի է նաեւ տրամադրելի դարձնել դպրոցական եւ դասարանային […]
Մտածենք եւ լուծենք
Մտածենք եւ լուծենք շարքի դասագիրքերը գործածելով երեխաները կը յայտնաբերեն թուաբանութեան աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ընտրուած նիւթերը եւ վարժութիւնները փոքրիկ թուաբանագէտները կը մղեն ինքնուրոյն աշխատանքի, գիտելիքներ կառուցելու եւ խնդիրներ լուծելու միջոցաւ։ Թուաբանութեան հայերէնով դասաւանդումը մասնաւորապէս քաջալերելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ, որպէսզի ճանաչողական կազմաւորումը յաջող ընթանայ, եւ որպէսզի երեխաները լեզուն վերացական մակարդակի իւրացնել եւ հարուստ յղացական բառապաշարի մը տիրապետել […]
Գիտութիւն (2016)
«Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը գործածելով երեխաները կը յայտնաբերեն գիտական աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ընտրուած նիւթերը եւ վարժութիւնները փոքրիկ գիտնականները կը մղեն իրենց տրամաբանութիւնը եւ երեւակայութիւնը գործածելու, ինչպէս նաեւ իրենց քննական եւ ստեղծագործական կարողութիւնները զարգացնելու։ Մասնաւորապէս հայերէնով գիտութեան դասաւանդումը քաջալերելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ, որպէսզի ճանաչողական կազմաւորումը յաջող ընթանայ, մինչեւ կարենան երեխաները իւրացնել վերացական մակարդակի լեզուն, եւ տիրապետեն յղացքներու […]
Նինինուն, Ճիճոզը եւ ընկերները
Զարմանալի անուններով կերպարներ են, այս կարճ տեսերիզներուն հերոսները, որոնք երգով ու կատակով կը պատմեն պարզ դրուագներ առօրեայ կեանքէն, սակայն յաճախ փիլիսոփայական մօտեցումով։ Զարմանալի անուններով այս հերոսները, կը պատմեն ոչ միայն փոքրիկին, այլ մեծով, պզտիկով, ամբո՛ղջ ընտանիքին… ու ժպիտ մը գաղտուկ կը գծագրուի դիտողին դէմքին վրայ…
Զարդիս մատենաշար
Զարդիս մանկապատանեկան մատենաշար մըն է, որ ընթերցողներուն կը հրամցնէ ժամանակակից եւ հետաքրքրաշարժ գիրքեր, ընդհանրապէս թարգմանութիւններ զանազան լեզուներէ։ Մանկապատանեկան գրականութիւնը յաճախ փիլիսոփայական բնոյթ ունենալով, Զարդիսի գիրքերը կրնան նաեւ աւելի մեծ տարիքի պատանիներու եւ չափահասներու հետաքրքրութիւնն ալ արթնցնել։ Զարդիսի առաջնահերթ նպատակը ընթերցելու հաճոյքը զարգացնել է։ Ընթերցանութիւնը վայելելու եւ արդիական իմաստով լեզուային յիշողութիւնը ամրացնելու կը հրաւիրէ ընթերցողը։ Զարդիսի գիրքերը […]
Պատառիկներ
Պատառիկները խաղիկներ են կամ շուտասելուկներ, երբեմն երգային, որոնք թերեւս կարենան ժպիտով եւ ծիծաղով համեմել փոքրիկներուն, ինչո՞ւ ոչ նաեւ մեծերուն անմիջական առօրեան։ Ամեն ամիս տասներկու պատառիկ կապուած եղանակին եւ տօներուն։