մուտք
ես, դուն, քանի՞ տարեկան, քանի՞ մոմ կարկանդակին վրան․ խնձորենի՜, խնձորենի՜, քանի՞ խնձոր ունի․
գիշեր բարի
աստղ եւ լուսին մի՛շտ միասին․ երկինքին մէջ աստղ եւ լուսին, ես ալ մտնեմ անկողին․ անկողինը մահճակալին վրայ, բարձը անկողինին վրայ, գլուխս բարձին վրայ․ գիշեր բարի բոլորին, ոսկի երազ շո՛ւտ քնացողին․ լուսի՛ն, լուս՛ին, մահի՛կ լուսին․ լուսի՛ն, լուս՛ին, կիսալուսին․ լուսի՛ն, լուս՛ին, լիալուսին, ոսկի թագով թագաւոր լուսին․ ոսկի թագը առանց ադամանդի՞․
պանիրի պատմութիւն
պանի՜ր, պանի՜ր, դեղի՛ն պանիր․ պանի՜ր, պանի՜ր, ծա՛կ ծա՛կ պանիր․ պանի՜ր, պանի՜ր, հոտա՛ծ պանիր․ պանի՜ր, պանի՜ր, մուկի՛ պանիր․ մուկի՛, հոտա՛ծ, ծա՛կ ծա՛կ, դեղի՛ն պանիր․ հոտը առաւ մկնիկը, վազեց գտաւ պանիրը․ ուր պանիր կայ, հոն մուկ կայ․ կրծե՜ց, կրծե՜ց մկնիկը, կերա՜ւ, կերա՜ւ շատակերը, համով հոտով, ախորժակով, մատիկներով, մնաց պանիրին կէսը․ մեծցա՜ւ փորիկը, չկշտացա՜ւ շատակեր մկնիկը․ կրծե՜ց, կրծե՜ց […]
անկիւնախաղ
սմբատը բա՛տ բա՛տ, ո՞վ եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պարոն քառանկիւնը եկաւ ու ըսաւ «բարե՛ւ»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պարոն քառակուսին եկաւ ու ըսաւ «ապրի՛ս»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, տիկին եռանկիւնը եկաւ ու ըսաւ «ծափի՛կ»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, տիկին կլորիկը եկաւ ու ըսաւ «պաչի՛կ»․ պարոն քառակուսին աջ կողմէն, տիկին եռանկիւնը ձախ կողմէն, պաչիկ մը աջէն, պաչիկ մը ձախէն, քաշեցի՜ն, քաշքշեցի՜ն, տիկին կլորիկը […]
մատիկներու խաղ
մատի՛կ է, մատի՛կ է, մինինիկ է, մինակ է, մե՜ղք է, մե՜ղք է․ մատի՜կ, մատի՜կ, ճկոյթ մատիկ․ մատի՜կ, մատի՜կ, մատնեմատիկ․ մատի՜կ, մատի՜կ, միջնեմատիկ․ մատի՜կ, մատի՜կ, ցուցամատիկ․ մատի՜կ, մատի՜կ, բթամատիկ․ մատի՜կ, մատի՜կ, հինգ հատ մատիկ․ հինգ հատ մատիկ, լռի՜կ մնջիկ, անկողին մտան, սուսի՜կ փուսիկ․ «տե՛ղ չկայ, տե՛ղ չկայ, անդի՛ն գացէք, անդի՛ն գացէք» ըսաւ ճկոյթ մատիկը եւ հրեց, […]
սոխ ու սխտոր
սոխ սխտոր, սխտոր սոխ․ սոխ սխտոր, սխտոր սոխ․ սոխը ըսաւ սխտորին․ «կը հոտի՜ս, կը հոտի՜ս, անդի՛ն գնա, կը հոտի՜ս»․ սխտորը ըսաւ սոխի գլուխին․ «դո՛ւն կը հոտիս, դո՛ւն գնա, աչքէս արցունք ալ կու գայ»․ սա՛րսափելի, սո՛սկալի, սոխ ու սխտոր կը հոտի՜․ սո՛սկալի, սա՛րսափելի, սխտոր ու սոխ կը հոտի՜․ ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր, ինչո՞վ ծեծեմ սոխ […]
կովիկը եւ կաթիկը
կովի՛կ, կովի՛կ, կթա՛ն կովիկ․ մամիկը կթէ կովիկը, թոռնիկը խմէ կաթիկը․ կովի՛կ, կովի՛կ, կթա՛ն կովիկ․ կաթի՛կ, կաթի՛կ, համո՜վ կաթիկ․ նունիկը խմեց կաթիկը․ կաթի՛կ, կաթի՛կ, համո՜վ կաթիկ․ արամիկը թափեց կաթիկը․ կաթի՛կ, կաթի՛կ, անհա՛մ կաթիկ․ մայրիկը եկաւ բարկացաւ․ ո՞վ թափեց կաթիկը, նունի՞կը, արամի՞կը․ մայրիկ ես չեմ թափողը, առաւօտեան կաթիկը, գիրքիս մէջի կովիկը, եկաւ թափեց կաթիկը․ ինծի ըսաւ ալ […]
ճաշը
դգալը կանչեց դանակը․ դանակը կանչեց պնակը․ պնակը կանչեց պատառաքաղը․ ձեռք ձեռքի, ուս ուսի, քով քովի, քոչարի, եկան ըսին․ «հրամմեցէք մեզի»․ առտու կանուխ նախաճաշի․ կէսօրը ճաշի․ իրիկունը ընթրիքի․ կլորիկ մլորիկ շաքարով հաց, փորիկս անօթի մնաց․ երթամ նայիմ պատուհանէն, արամիկը ո՞ւր մնաց․ կլորիկ հաց առանց շաքարի՞․ դգալ, դանակ եւ պատառաքաղ առանց կոթի՞․ պնակ, պնակ, աջ կողմը՝ դգալ, […]
ի՞նչ կու տայ
կու տա՜յ, կու տա՜յ, ո՞վ կու տայ, ի՞նչ կու տայ, որո՞ւն կու տայ․ խնձորենին կու տայ, խնձո՛ր կու տայ, ինծի՛ կու տայ, քեզի ալ կու տայ․ տանձենին կու տայ, տա՛նձ կու տայ, ինծի՛ կու տայ, քեզի ալ կու տայ․ ծաղիկը կու տայ, անո՜ւշ հոտ կու տայ, ինծի՛ կու տայ, քեզի ալ կու տայ․ մեղուն կու […]
կաղանդ պապուկը
կաղանդ է, կաղանդ է, կաղանդ պապուկը հոս է․ կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․ խոշոր կարմիր քիթ ունի․ քի՛թ քի՛թ, խոշոր քի՛թ, քի՛թ քի՛թ, կարմիր քի՛թ, քի՛թ քի՛թ, խոշոր, կարմիր քի՛թ․ կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․ կարմիր, երկար գլխարկ ունի․ մէ՛կ թիզ, երկո՛ւ թիզ, քանի՞ թիզ․ կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․ երկա՜ր, ճերմակ մօրուք ունի․ բո՞ւրդ է, բամպա՞կ է, […]