Բարեկամը
Այս գրքոյկը հայերէն թարգմանութիւնն է Ջորջո Ագամբենի l’amico փիլիսոփայական փորձագրութեան, ուր Ագամբեն կը դիմէ Արիստոտէլին, պեղելու բարեկամութեան իմաստը։ Բարեկամը որպէս այլ ինք մը՝ որու հետ կը բաժնենք. գոյութիւն ունենալու փաստը, ապրելու քաղցրութիւնը։
Ի՞նչ է ժամանակակիցը
Այս գրքոյկը հայերէն թարգմանութիւնն է Ջորջո Ագամբենի Che cos’è contemporaneo? դասախօսութեան, որ կը վերաբերի մարդու եւ իր ժամանակի յարաբերութեան։ Ինչպէ՞ս ըլլալ ժամանակակից, պահելով որոշ հեռաւորութիւն մը ներկայի պայմաններէն։
Ի՞նչ է տրամադրիչը
Այս գրքոյկը հայերէն թարգմանութիւնն է Ջորջո Ագամբենի Che cos’è un dispositivo? փիքլիսոփայական փորձագրութեան, ուր տրամադրիչները կը ներկայացուին որպէս գոյացող ցանց մը՝ ուժի եւ իմացութեան յարաբերութիւններու։ Կ՚անդրադառնանք թէ տրամադրիչները միմիայն պարզ թեքնաբանական միջոցներ չեն եւ կը յաջողին էապէս այլափոխել մարդկային կեանքը։