Հայաւանդ
«Հայաւանդ»ը Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի առցանց հարթակն է, ուր կարելի է գտնել արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու դասերու ձեւանմոյշներ՝ յարմար 12-15 տարեկան հայախօս աշակերտներու։ «Հայաւանդ»ի ճամբով կարելի է պատանիին հայերէնով հրամցնել նիւթեր, որոնք ժամանակակից են եւ կ՚առնչուին այսօրուան ընկերութեան եւ աշխարհին։ Հարթակը ուղղուած է արեւմտահայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներուն։ Հարթակէն կրնան օգտուիլ ամէնօրեայ կամ միօրեայ հայկական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող եւ […]
Երկրաբանութեան երրորդ եւ չորրորդ շրջանները
Բազմապատկութիւն
Երգեր
Այստեղ հաւաքուած են Երդիքի բոլոր երգերը, որոնք կու գան թէ՛ Ակուլ Տուկուլէն եւ թէ՛ Ալնիս Բալնիսէն։
Քնարին քունիկը
Քանի մը օրէն
Լուսին, լուլուսին, մահիկ լուսին, քանի մը օրէն կիսալուսին… Լուսին, լուլուսին, կիսալուսին, քանի մը օրէն լիալուսին… Լուսին, լուլուսին, լիալուսին՝ հապչի՜, քանի մը օրէն կիսալուսին… Լուսին, լուլուսին, կիսալուսին՝ հապչի՜, քանի մը օրէն մահիկ լուսին… Լուսին, լուլուսին, մահիկ լուսին՝ հապչի՜, քանի մը օրէն չկայ լուսին… Լուսին, լուլուսին, չկայ լուսին՝ չի՛ք, քանի մը օրէն՝ ծի՛կ, նորալուսին…