Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 1
Սոյն հատորը կը պարունակէ երեք ուսումնասիրութիւններ։ Առաջինը՝ «Ինքն իր պատկերը…» Կարոլ Ֆէկէտէ անունով լուսանկարիչ արուեստագիտուհիի մը պատկերներէն մեկնելով՝ կը հանդիպի Մորիս Բլանշոյի 1955ի Գրական տարածքը գիրքին մէջ որպէս յաւելուած հրամցուած պատկերի շուրջ մտորումներուն, ու կը բացատրէ թէ 1948էն (Մահավճիռը) մինչեւ 1957 (Վերջին մարդը) Բլանշոյ վերապրողի կերպարին շուրջ աննախընթաց աշխատանք մը կատարած է։ Երկրորդը՝ «Պատմութեան զգացողութիւնը» […]
Նարնիայի Քրոնիկները
Ք. Ս. Լուիսի արկածախնդրական այս շարքին մէջ պիտի տեսնենք, որ բարին ու չարը ամէն տեղ են, նոյնիսկ` մե՛ր մէջ, իսկ այդ երկուքին միջեւ կայ թափանցիկ ու շատ բարակ թել մը: Դասական շարքը կը ներկայացնէ աշխարհ մը, ուր կան աներեւակայելի գեղեցիկ պալատներ, ոսկեայ խնձորներով ծառեր ու հաւատարիմ ընկերներ, որոնք անձնազոհութեամբ կը հասնին օգնութեան, պատերազմելու` չարագործներու, յոխորտացողներու […]
Օտարութեան Փորձընկալումը
Անտուան Բեռման (1942-1991) ֆրանսացի թարգմանիչ ու թարգմանութեան տեսաբան մըն էր։ Իր այս գիրքին (L’Epreuve de l’étranger, 1984ին լոյս տեսած) նիւթն է գերմանացի Վիպապաշտներու առաջին սերունդին (մասնաւորաբար՝ Ֆրիդրիխ Շլեգելի եւ Նովալիսի) մօտ թարգմանութեան տեսաբանութիւնը, եւ խորքին մէջ այդ սերունդէն առաջ եւ վերջ գերմանախօս աշխարհէն ներս ծաւալած թարգմանութեան հարցը։ Յաւելուածով մը հրամցուած են ուղղակի բնագիրէն թարգմանուած՝ Շլեգելի […]
Մաշտոց – Ոչ այդքան ճշգրիտ պատմութիւն
Եզնիկ եւ Կորիւն երկու աշակերտ են, շատ հին, ոչ այդքան ճշգրիտ ժամանակի մը մէջ։ Երկու ընկերները կը փորձեն օգնել Մաշտոցին, որպէսզի յաջողցնէ իր մեծ ծրագիրը։ Արկածներու մէջէն անցնելով, երկու ընկերները եւ իրենց ուսուցիչը պիտի կարենա՞ն հասնիլ իրենց նպատակին։ Իսկ մենք անոնց պատմութիւնը կարդալու ատեն, որքա՛ն պիտի ծիծաղինք։
Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ
Գիտահետազօտական այս աշխատանքը ունի ակադեմական բնոյթ, սակայն միեւնոյն ժամանակ՝ լայն հասարակութեան մատչելի ոճ մը կ՚օգտագործուի:
Միտք եւ արուեստ
Այս հատորով, Յառաջ օրաթերթի յաւելուած՝ «Միտք եւ արուեստ»էն ծաղկաքաղ մը կը հրամցուի ընթերցողին։ «Միտք եւ արուեստ»ը լոյս տեսած է ամսական դրութեամբ 1976էն մինչեւ 2009, այսինքն՝ մինչեւ թերթին փակումը։ Յաւելուածէն առնուած յօդուածներու այս ծաղկաքաղը կ՚երկարի մինչեւ 1987, ընդգրկելով 21 հեղինակէ հարիւրի մօտ գրական ու վերլուծական յօդուածներ։ Հատորին կարեւոր յատկութիւնն է, որ ընտրուած յօդուածները «Միտք եւ արուեստ»ի […]
Կարմիր կօշիկ
Մանուկը այլեւս բոպիկ չէ եւ այլեւս սորված է մինակը հագուիլ։ Նախատեսուած է 0-3 տարեկաններու համար։
Զար զընգը
«Զար զընգը» մեծ և փոքր երեխաներուն համար է։ Որպէս աւանդազրոյց մը՝ «Զար զընգը» կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս ծնած է երաժշտութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս մարդուն հոգին երաժշտութեան կապուած է ։ Գիրերու, գծագրութիւններու, գոյներու եւ տպագրական այլ հնարքներու միջոցաւ գիրքը ընթերցողը կը տանի զգացումէ զգացում՝ կը զարմացնէ, կը հարցադրէ եւ կը խաղայ։ «Զար զընգը» հատորը արժանի գտնուած […]
Պէյրութի հայանուն փողոցները
«Պէյրութի հայանուն փողոցները» ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ Սփիւռքի ամենէն կարեւոր կեդրոններէն մէկուն՝ Պէյրութի փողոցները, որոնք հայկական անուն կը կրեն կամ կրած են մօտիկ պատմութեան մէջ։ Պարզապէս անուանումները ներկայացնելէն աւելի, ուսումնասիրութիւնը տալով այս անուանումներուն պատմականը, նաեւ կը ներկայացնէ փողոցներուն հասարակական պատմութիւնը, ձեւով մը ներկայացուցած ըլլալով ամբողջ գաղութին պատմութիւնը։ Օժտուած մեծ քանակութեամբ հին եւ նոր նկարներով եւ քարտէսներով, […]
Մրջիւններու վերջալոյսը
Զաւէն Պիպեռեանի վիպագրութեան գլուխ-գործոցն է Մրջիւններու վերջալոյսը, ուր ան հայելի մը կը բռնէ 1940-50-ականներու պոլսահայ իրականութեան դէմ յանդիման, երկրի քաղաքական-տնտեսական կացութեան ընդմէջէն: Վէպին առանցքը կը կազմէ Ու-նե¬ւորութեան տուրքի հետեւանքով հետզհետէ քայքայուող հայ ընտանիք մը՝ ընկճուած հիւանդ հայր մը, նիւթական անկումի պատճառով իրմէ գանգատող դժգոհ կին մը ու աղջիկ մը, որոնց կը միանայ աշխատանքային ճամբարներու մէջ […]