մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

բամպակ ամպիկը

ամպի՛կ, ամպի՛կ, բամպա՛կ ամպիկ․ բամպակ ամպիկը ըսաւ․ – եկո՛ւր լուսին, սիրո՛ւն լուսին․ սիրուն լուսինը ըսաւ․ – եկո՛ւր աստղիկ, պզտի՛կ աստղիկ․ բամպակ ամպիկ, սիրուն լուսին, պզտիկ աստղիկ, կը պարեն նազ պար, կը պարեն կատակ պար… ո՞ւր է լուսինը, ո՞ւր է աստղիկը…

ակնոց եւ գոգնոց

ո՞վ ունի․ ի՞նչ ունի․ ո՞վ, ի՞նչ ունի․ պապա՛ն ունի․ ակնո՛ց ունի․ պապան ակնո՛ց ունի․ մամա՛ն ունի․ մատնո՛ց ունի․ մաման մատնո՛ց ունի․ նունի՛կը ունի․ գոգնո՛ց ունի․ նունիկը գոգնո՛ց ունի․ արամի՛կը ունի․ հովանո՛ց ունի․ արամիկը հովանո՛ց ունի․ ակնո՛ց, մատնո՛ց, գոգնո՛ց, հովանո՛ց, ես կը կարդամ աչուկներս գո՛ց․ ո՞ւր է ակնոցը․ մէկը քեզի՛, միւսը պապային․

կրկէսը

կատակ, խեղկատակ․ շիտակ, ծուռ ու շիտակ․ բարեկենդան եկեր է, արամիկը երեսը ներկեր է․ բարեկենդան եկեր է, նունիկը կրկէս գացեր է․ բարեկենդա՜ն, բարեկենդա՜ն, հտպիտին տաբատը կարկտան․ բարեկենդա՜ն, բարեկենդա՜ն, արամիկին տաբատը կարկտան․ գլուխը վա՛ր, վա՛ր, վա՛ր․ գլուխը վե՛ր, վե՛ր, վե՛ր․ ո՞ւր գնաց նունիկը․

լուսինը

լուսի՛ն, լուսի՛ն, մահի՛կ լուսին․ լուսի՛ն, լուսի՛ն, կիսալուսին․ լուսի՛ն, լուսի՛ն, լիալուսին․ աստղի՛կ, աստղի՛կ, մինա՛կ աստղիկ․ մէ՛կ աստղիկ, տխո՜ւր աստղիկ․ աստղի՛կ, աստղի՛կ, ընկե՛ր աստղիկ․ երկո՛ւ աստղիկ, ուրա՛խ աստղիկ․ աստղի՛կ, աստղի՛կ, հազա՜ր աստղիկ․ հազար աստղիկ, հազար պաչիկ․ մէ՛կ աստղիկ․ ինչո՞ւ մէկ․ հապա քանի՞․ թող ըլլայ հազա՛ր ու մէկ․

բարձին տակը

եկա՜ւ, եկա՜ւ, ո՞վ եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, մո՛ւկը եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, ինչո՞ւ եկաւ․ արամիկին ակռան առաւ տարա՜ւ․ բարձին տակը բան մը դրաւ… նունիկին ակռան առաւ տարա՜ւ․ բարձին տակը բան մը դրաւ… ատամ ակռայ, վարի ակռայ․ ատամ ակռայ, վերի ակռայ․ ատամ ակռայ, լինտ ու ակռայ․ ատամ ակռայ, չկա՛յ ակռայ․ բերանս բացի, ակռաներս համրեցի․ երկար պոչով մկնիկը քովս […]

գարունը

գարուն եկաւ, մեզի բերաւ, ծիլ ու ծաղիկ․ երգեց ծիտիկ․ ծի՜ւ ծի՜ւ, ծի՛կ ծի՛կ․ եկո՛ւր գարուն, եկո՛ւր եւ բե՛ր շա՜տ ծաղիկներ․ կարմիր կակաչ, շուշան մեխակ, վարդ մանուշակ․ կը բուրէ՜, կը բուրէ՜, լա՜ւ հոտոտէ եւ գուշակէ՛․ բոյնին մէջ ծիտիկը, թաղարին մէջ ծաղիկը․

սազը եւ նազը

մա՛զ, մա՛զ, երկա՜ր մազ, նունիկը ունի երկա՜ր մազ․ սա՛զ, սա՛զ, երկա՜ր սազ, արամիկը ունի երկա՜ր սազ․ նա՜զ, նա՜զ, նա՜զ պար, նունիկը կը պարէ նա՜զ պար․ սա՛զ, սա՛զ, ո՞ւր է սազ, արամիկը չունի երկա՜ր սազ․ մա՛զ, մա՛զ, ո՞ւր է մազ, նունիկը չունի երկա՜ր մազ․ նազպար առանց տարազի՞․

ձուկը

ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, իշխանաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, օձաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, ձիաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, շանաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կէտ ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կէտ ձուկ, փորին մէջ քանի՞ ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կէտ ձուկ, փորին մէջ հազար ձուկ․

հաւնոցը

պապուկը ունի հաւնոց մը․ հաւնոցին մէջ, պապուկը ունի տասը հաւ․ մէկ հաւէն տասը հաւկիթ․ տասը հաւէն քանի՞ հաւկիթ… համրեցի՜, համրեցի՜, մատիկովս համրեցի՜․ հարիւր հաւկիթ համրեցի, պապուկին հաւնոցին տասը հաւերուն տակ․ ինչո՞ւ հարիւր․ հապա քանի՞․ թող ըլլա՜յ հազա՛ր․ ինչո՞ւ հազար․ հապա քանի՞․ թող ըլլա՜յ միլիո՛ն․ հաւկիթէ՞ն հաւ, թէ հաւէն հաւկիթ․ մէկ հաւկիթ, տասը հաւկիթ, հարիւր հաւկիթ, […]

լուսաստղը

քար քարի վրայ շարեցի, մատուռ մը շինեցի․ ինչո՞ւ մատուռ․ հապա ի՞նչ․ թող ըլլայ եկեղեցի․ եկեղեցին գմբե՛թ ունի, վարդապետը վեղա՛ր ունի․ վարդապետը վեղա՛ր ունի, եկեղեցին գմբե՛թ ունի․ հրեշտակը փող ունի, աւետի՜ս, աւետի՜ս… լուսաստղը կը փայլի, աւետի՜ս, աւետի՜ս… թագաւո՛ր, թագաւո՛ր, երեք թագաւոր, արեւելքէն կու գան ուղտերով, լեռնէն, ձորէն, անապատէն, փայլուն աստղին հետեւելով․ թագաւո՛ր, թագաւո՛ր, երեք թագաւոր, արեւելքէն […]