մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

գորտիկը

երկար պոչով շերեփուկը կը լողա՜ր… պոչը աջ, պոչը ձախ, շերեփուկը դէպի առաջ… շարա՜ն, շարա՜ն օրե՜ր անցան, շերեփուկին տոտիկնե՛ր բուսան․ անհաւատալի՛ բան․ շարա՜ն, շարա՜ն օրե՜ր անցան, շերեփուկին թաթիկնե՛ր բուսան․ անհաւատալի՛ բան․ տոտիկները, թաթիկնե՛րը, սակայն ո՞ւր է երկար պոչը… շերեփուկը գորտի՛կ դարձաւ ջուրէն ելաւ, կռկռաց․ – պոչիկս ո՞ւրր է,   պոչիկս ո՞ւրրր է…   ոչ, պոչ,   ոոոչ, պոչ… գո՛րտ, […]

մժեղ մոծակ

վերմակը, փետուրէ բարձը, սաւանը, անկողինը, իսկ մահճակալին տա՞կ… մահճակալիս տակ կայ մժեղ մոծակ, ամեն գիշեր կը նուագէ չորս թելով ջութակ, թա΄կ… մահճակալիս տակ կայ մժեղ մոծակ, ամէն գիշեր կը նուագէ երեք թելով ջութակ, թա΄կ… մահճակալիս տակ կայ մժեղ մոծակ, ամէն գիշեր կը նուագէ երկու թելով ջութակ, թա΄կ… մահճակալիս տակ կայ մժեղ մոծակ, ամէն գիշեր կը […]

սոխ սխտոր

մէկը ըսաւ` ա՛յ, միւսը ըսաւ` ո՛ւյ… ե՜ւ… ա՛յ, ո՛ւյ… վա՛յ, վո՛ւյ… ա՛խ, օ՛խ… սո՜խ… ա՛յ… սխտո՛ր… ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր, ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր… չըխ, չըխ, չըխ, չըխ․ չորս չըխ, չըխ, չըխ․ երեք չըխ, չըխ․ երկու չըխ․ մէկ այ ույ վայ վույ ախ օխ սոխ այ ո՞վ կը նուագէ դաշնակ… այ ույ վայ […]

տըզ պըզ

այն ո՞վ է… ծաղիկէ ծաղիկ կը թռչի, փեթակ ունի բոյն չունի… շուշան, մեխակ, վարդ ,մանուշակ ե՜ւ… շիփ շիտակ դէպի փեթակ… պատրաստածը անուշ է, սակայն պոչիկը փուշ է․ մեղրը ուտեմ մատիկ մատիկ, չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ… համը տեսայ, համը տեսայ, պնակին տակը տեսայ… տըզ… պըզ… տըզ տըզ… պըզ պըզ… տըզ պը՞զ… տըզ պըզ… ե՜ւ վը՜զ… վը՜զ… […]

փիղը

այն ո՞վ է… շա՜տ հսկայ է, քիթն ալ երկա՜ր փող է… պատիճը երկա՜ր, հսկայ փիղն է․ հսկա՜յ փիղին պատիճը վեր, պատիճը վար․ հսկայ փիղը, երկա՜ր փողը․ փիղը փողի ձայն ունի, փողը փիղի ձայն ունի․ պարոն փիղին փողկապը․ տիկին փիղին փոթ փոթ փէշը․ պարոն փիղը փողկապ չունի․ տիկին փիղը փէշ չունի․

մէկ երկու երեք

եկա՜ւ, եկա՜ւ, ո՞վ եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, մո՛ւկը եկաւ․ եկաւ մէկ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, ո՞վ եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, կատո՛ւն եկաւ․ եկաւ երկու․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, ո՞վ եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, շո՛ւնը եկաւ․ եկաւ երեք․ մէկ, երկու, երե՜ք… վազեցէ՜ք… շունը կատուն, կատուն մուկը, մուկը ծակը… երազին մէջ ի՞նչ կը տեսնէ…

ընտանիքը

հայրիկ, մայրիկ, եղբայր, քոյրիկ, ընտանիք․ հայրիկին եղբայրը՝ հօրեղբայր․ հայրիկին քոյրը՝ հօրաքոյր․ մայրիկին եղբայրը՝ մօրեղբայր․ մայրիկին քոյրը՝ մօրաքոյր․ մեծ հայրիկ եւ մեծ մայրիկ, երկու թոռնիկ ընտանիք․ մոռցանք չալիկը եւ լաչիկը… ընտանիք՝ պզտիկէն մեծ կամ մեծէն պզտիկ…

ճամբրուկը

արձակուրդ է, ճամբորդենք, ճամբրուկդ առ, ճամբորդենք, ինչո՞վ կ՚ուզես ճամբորդենք… ուղղաթիռով ճամբորդենք․ օդանաւով ճամբորդենք․ առագաստանաւով ճամբորդենք․ շոգենաւով ճամբորդենք․ շոգեկառքով ճամբորդենք․ ըսաւ, չըսաւ, ըսաւ, չըսաւ, հասաւ… շոգեկառքը առանց անիւի, ինչպէ՞ս երթանք արձակուրդի… երկաթուղին փայտ չունի, կայարան հասնիլը անկարելի… ճամբրուկ, ճամբրուկ, ծանր ճամբրուկ․ լեփ լեցուն, քանի՞ քիլօ․ ճամբրուկ, ճամբրուկ, թեթեւ ճամբրուկ․ պաս պարապ, քանի՞ քիլօ… բարի արձակուրդ բոլորին, […]

հաւնոցը

այն ո՞վ է․․․ թագը սղո՛ց, ձայնը լո՛յս․ հաւնոցին աքլորն է, զիլ ձայնով կը կանչէ․ ծուղրուղո՜ւ, կուկուլիկո՜ւ, առտու է, առտո՜ւ․ ծուղրուղո՜ւ, կուկուլիկո՜ւ, աղուէսը հաւնոցէն հեռո՜ւ․ մէկ հաւնոց, տասը հաւ, քանի՞ հաւկիթ․․․ կը՛տ, կը՛տ, կըտա՜կ, հաւկիթներ տա՛ք, տա՜ք․ հաւկի՜թ, հաւկի՜թ, տապկուած հաւկիթ․ դեղնուցը ինծի՛, ճերմկուցը քեզի՛․ հաւկի՜թ, հաւկի՜թ, խաշած հաւկիթ․ միջուկը ինծի՛, կեղեւը քեզի՛․ հաւկի՜թ, հաւկի՜թ, զո՛յգ […]

հացին երգը

կաթի՛լ, կաթի՛լ, անձրեւ եկաւ․ ոսկի՛, ոսկի՛, ցորե՛ն բուսաւ․ ցորենը տանիմ ջաղացքին տամ․ ջաղացքը ինծի ալիւր տայ․ ալի՛ւր, ալի՛ւր, պա՛րկ մը ալիւր․ ալիւրը տանիմ մամիկին տամ․ մամիկը ալիւրը մաղէ, խմորը շաղէ, թոնիրը վառէ, լաւաշը թխէ․ ծա՛փ, ծա՛փ, ծափիկով, լաւաշը ուտեմ պանիրով․ մամիկս ալիւր կւ մաղէ, մամիկս ալիւր կը մաղէ․ մամիկս խմոր կը շաղէ, մամիկս խմոր կը […]