մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

այն ո՞վ է

այն ո՞վ է… հոտած պանիր շա՜տ կը սիրէ… երազին մէջ դեղին, ծակ ծակ պանի՛ր կը տեսնէ… այն ո՞վ է… ճերմակ մածուն շա՜տ կը սիրէ… երազին մէջ ճերմակ մածո՛ւն կը տեսնէ… այն ո՞վ է… քըթըր ոսկոր շա՜տ կը սիրէ… երազին մէջ քըթըր ոսկո՛ր կը տեսնէ… այն ո՞վ է… նարնջագոյն ստեպղին շա՜տ կը սիրէ… երազին մէջ կանանչ […]

աչխփուկ, պահուըտուք

գոց աչուկ, ես աչխփուկ… բաց աչուկ, դուն պահուըտուք… մէկ երկու, գո՛ց աչուկ, երեք չորս, աչխփո՛ւկ, հինգ վեց, բա՛ց աչուկ, եօթը ութը, պահուըտո՛ւք, ինը տասը, ծակ ու ծո՛ւկ… պըճինկօ՛ մուկը ծակին մէջը… կատուն պահարանին վրայ… շունը սեղանին տակը… նապաստակը գլխարկին մէջը… կապիկը ծառին վրայ… արջուկը վերմակին տակը… իսկ երեք խոզուկնե՞րը… վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ… ցեխին մէջը…

բաղնիքդ անուշ

մտիր բաղնիք, հանուէ հանէ գուլպայ կօշիկ, տաբատ շապիկ եւ վարտիք… մտիր բաղնիք, հանուէ հանէ գուլպայ կօշիկ, փէշ հագուստ եւ վարտիք… պաղ ջուր, տաք ջուր, պաղ ջուր, տաք ջուր, օճառ ու ջուր, փրփո՜ւր փրփո՜ւր… քսէ քսէ օճառը, շփէ շփէ գլուխը, վզիկը, փորիկը, թաթիկները, տոտիկները… մա՛ս մաքուր, բաղնիքդ անո՜ւշ…

թագաւոր, թագուհի

թը՜ռ թը՜ռ թռցնեմ, չիր ու չամիչ կերցնեմ… թը՜ռ թը՜ռ թռցնեմ, մեղր ու կարագ կերցնեմ… չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ, մեղրը ուտեմ մատիկ մատիկ… համը տեսայ՝ հը՜մ, համը տեսայ՝ հա՜մ, վերջին էջը հասայ… թա՛գ թա՛գ, թա՛գ ունի, թա՛գ թա՛գ, թագաւո՜ր… թա՛գ թա՛գ, թա՛գ ունի, թա՛գ թա՛գ, թագուհի՜… մէկ երկու, կը մեծնամ, երեք չորս, կը կարդամ, հինգ վեց, […]

խնձորը

մէկ երկու, կը մեծնամ, երեք չորս, կը կարդամ… խնձո՛ր, խնձո՛ր, կարմի՛ր խնձոր… տերե՛ւ, տերե՛ւ, կանա՛նչ տերեւ… կարմիր խնձոր, կանանչ տերեւ ե՜ւ ծի՛կ, բարե՛ւ… բարե՛ւ տամ, խնձո՛ր տամ, ընկե՛ր ըլլամ… ընկե՛ր ընկե՛ր, աղուո՛ր ընկեր, խնձոր տամ, կե՛ր ընկեր…