մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Կամուրջներ շինենք

«Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկներ են, որ ընթերցողին կը ծանօթացնեն զանազան բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկները նաեւ կը պարունակեն լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ Գրքոյկները պատրաստուած են «Հայկական ծառ» նախաձեռնութեան կողմէ։

Հայկական համացանցային համալսարան

Հայկական համացանցային համալսարանը (ՀՀՀ) կարելիութիւն կու տայ ստանալ հայագիտական գիտութիւն բոլոր տարիքի մասնակիցներու համար։ Ըլլալով հիմնուած ամբողջովին առցանց գործիքներու վրայ, անկախ բնակութեան երկիրի կարելի է մասնակցիլ հրամցուած դասընթացքներուն։ ՀՀՀ-ի մէջ ուսումը տեղի կ՚ունենայ եօթը լեզուներով՝ արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, իսպաներէն, ռուսերէն եւ թրքերէն։ Նիւթերն են՝ լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ, ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն եւ ճատրակ։ ՀՀՀ-ն հիմնադրուած է […]

Դերաքրիստոսը

Սոյն հատորը մէկ կողքի տակ երկու գիրք կը պարունակէ։ Նախ՝ Ֆրիդրիխ Նիցչէի վերջին գործերէն՝ Դերաքրիստոսը (գերմաներէն՝ Der Antichrist, որ կրնայ նաեւ նշանակել “հակաքրիստոնեան”) գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ Որմէ ետքը կու գայ Մարկ Նշանեանի աշխատասիրութիւնը Նիցչէի՝ գիտակից կեանքի վերջին տարիներուն զարգացուցած փիլիսոփայութեան մասին։ Նիցչէն իր այս գիրքը «ուժանիւթ»ի կը նմանցնէր, կ՚ըսէր թէ «տառացի կերպով կը պայթեցնէ մարդկութեան […]

Բառաստան

«Բառաստան»ը առցանց բառարան եւ բառացուցակ մըն է, որ կը պարունակէ հայերէն 35 հազար եւ ֆրանսերէն շուրջ 25 հազար բառ: Բառաստանը կարելի է գործածել գլխաւոր երկու ձեւով, թէ՛ որպէս բառարան, կատարելով որոնումներ եւ թէ՛ որպէս բառացուցակ, հետեւելով 32 բնաբանական գլուխներէ բաղկացած ցուցակին։ Բառացուցակին 32 գլուխները բաժնուած են ութը մասերու՝ «Առօրեայ կեանք», «Մարմին եւ ժամանց», «Բնութիւն եւ […]

Մաշտոց – Ոչ այդքան ճշգրիտ պատմութիւն

Եզնիկ եւ Կորիւն երկու աշակերտ են, շատ հին, ոչ այդքան ճշգրիտ ժամանակի մը մէջ։ Երկու ընկերները կը փորձեն օգնել Մաշտոցին, որպէսզի յաջողցնէ իր մեծ ծրագիրը։ Արկածներու մէջէն անցնելով, երկու ընկերները եւ իրենց ուսուցիչը պիտի կարենա՞ն հասնիլ իրենց նպատակին։ Իսկ մենք անոնց պատմութիւնը կարդալու ատեն, որքա՛ն պիտի ծիծաղինք։

Բարի եկար Նուրին

Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Նուրին կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, ճօճանակ, դիմակ, ծաղիկ եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր…։ Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի եկար Նուրին» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ, որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն […]

Բարի լոյս Պուրպատիկ

Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Պուրպատիկ կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, մարզանք, պուպրիկ, շոգեկառք եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր…։ Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի լոյս Պուրպատիկ» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն […]

Հայբոտ

«Հայբոտ – Լինտան կը պատմէ» ծրագիր մըն է հայերէն հեքիաթներ ներկայացնելու հոսարկումի (փոտքասթի) մը միջոցաւ։ ԱյԹիւնզի, Կուկըլի եւ այլ հարթակներու վրայ հասանելի հոսարկումին իւրաքանչիւր հատուածը հեքիաթ մըն է, առնուած համաշխարհային եւ կամ հայկական դասական հեքիաթներու ցանկէն։ Հեքիաթները պատմողն է Լինտա Գանտիլեանը, որուն ձայնին կ՚ընկերակցի հաճելի երաժշտութիւն։ Հայբոտի 5-10 վայրկեան տեւողութեամբ հոսարկումները պատրաստուած են որդեգրելով ունկնդիրներու […]

Միտք եւ արուեստ

Այս հատորով, Յառաջ օրաթերթի յաւելուած՝ «Միտք եւ արուեստ»էն ծաղկաքաղ մը կը հրամցուի ընթերցողին։ «Միտք եւ արուեստ»ը լոյս տեսած է ամսական դրութեամբ 1976էն մինչեւ 2009, այսինքն՝ մինչեւ թերթին փակումը։ Յաւելուածէն առնուած յօդուածներու այս ծաղկաքաղը կ՚երկարի մինչեւ 1987, ընդգրկելով 21 հեղինակէ հարիւրի մօտ գրական ու վերլուծական յօդուածներ։ Հատորին կարեւոր յատկութիւնն է, որ ընտրուած յօդուածները «Միտք եւ արուեստ»ի […]