Անձրեւոտ օրեր
Որբունիի «Անձրեւոտ օրեր» հատորը առաջին անգամ լոյս տեսած է Փարիզ, 1958 թուականին։ Յետպատերազմեան տարիներու ֆրանսահայ գաղութէն պատկերներ հաւաքող՝ տասնհինգ պատմուածքներէ բաղկացած ժողովածու մըն է։
Վարձու սենեակ
Վարձու սենեակ պատմուածքներու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1939-ին, Փարիզի մէջ։ Որբունիի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի հայ գաղութի կեանքէն պատկերներ։ Գիրքին վերջաւորութեան կայ նաեւ Զարեհ Որբունիի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Անջրպետի մը գրաւումը
«Անջրպետի մը գրաւումը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1928-ին, Փարիզի։ Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնները ընթերցողին կը ներկայացնեն սփիւռք դառնալու փորձառութիւնը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են «Սփիւռք մատենաշար»-ը ներկայացնող Մարկ Նշանեանի ընդհանուր նախաբանը եւ գիրքի խմբագիր Արթուր Անդրանիկեանի յատուկ յառաջաբանը։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նիկողոս Սարաֆեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Խոնարհները
Խոնարհները վերնագիրով եւ հինգ պատմուածքներէ բաղկացող ժողովածու մը հրատարակուած է 1920-ին, Պոլսոյ մէջ, իսկ լման հրատարակութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1958-ին Պէյրութի մէջ։ Խոնարհները ընթերցողին կը ներկայացնէ գիւղի կեանքը, զանազան «խոնարհ» մարդոց կեանքերու ընդմէջէն։ Գիրքի վերջաւորութեան կայ նաեւ Յակոբ Օշականի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Հայ աղբրտիք
Հայ աղբրտիք արձակ ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1941-ին Փարիզի մէջ։ Պէշիկթաշլեանի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ զանազան քաղաքներու հայ կերպարներ՝ պոլսեցի, վանեցի, ակնցի, կեսարացի, իզմիրցի եւ շատ ուրիշներ։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նշան Պէշիկթաշլեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Կը հրաժարիմ հայութենէ
Կը հրաժարիմ հայութենէ վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1949-ին, Փարիզի մէջ։ Փօլատեանի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի մէջ հաւաքուած մի քանի երիտասարդի պատմութիւնը։ Ի՞նչ կը պատահի երբ անոնցմէ մէկը յուսահատի իր շրջապատէն։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Կարօ Փօլատեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը
Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը գիրքը ընթերցողը կը տանի կենդանիներու աշխարհ մը, ուր գայլը վերջապէս կը հանդիպի իրմէ աւելի ուժովին։ Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։
Մինչ մազերս կ՚երկննային
Մինչ մազերս կ՚երկննային գիրքը ընթերցողը կը տանի վարսայարդարի մը խանութը, ուր ան պիտի ծանօթանայ զանազան տիպարներու եւ յայտնաբերէ նոր զգացումներ։ Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։
Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ
Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ վիպակի ընթերցողը կը հանդիպի պզտիկ աղջիկի մը, որ զինք կը տանի քաղաքի մը նեղլիկ փողոցները։ Միասին կը ծանօթանան շուքերու եւ գոյներու աշխարհի մը, ուր զարմանալի բաներ կը պատահին։ Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։
Ռազմաձի
Առաջին համաշխարհային պատերազմի մահացու քաոսին մէջ, խրամատներու երկու կողմէն՝ Ճոոուի անունով ձի մը ականատես կ՚ըլլայ կռիւներու իրականութեան։ Ճոուին կը պատմէ սարսափազդու փորձառութիւններու ընդմէջէն վերապրող բարեկամութիւններու մասին։ Գիտէ պատերազմի ցնցիչ ուժը եւ խաղաղութեան գեղեցկութիւնը։ Այս գիրքը իր պատմութիւնն է։ Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է […]