Տարմ
Տրամէն եւ Մարտէն ետք (լոյս տեսած 1980ին եւ1997ին), ահաւասիկ Գիրգոր Պըլտեանի քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւնները հաւաքող երրորդ հատորը։ Ներկայ հատորին մէջ ընդգրկուած յօդուածներու մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած էր ատենին Փարիզ տպուող Յառաջ թերթին «Միտք եւ արուեստ» գրական յաւելուածին մէջ, ուրեմն (մէկ հատիկ բացառութեամբ)՝1995էն մինչեւ 2009։ Քանի մը հատը նաեւ լոյս տեսած են Գրականագիտական հանդէսին […]
Շրջում
Շրջում Գիրգոր Պըլտեանի վիպաշարքին 7րդ միաւորն է։ Այս վէպէն սկսեալ՝ շարքը անուն կը ստանայ՝ «Գիշերադարձ» եւ ժանրային յատկանշում մը, քանի որ միաւորները կը ներկայացուին այլեւս որպէս «պատումներ»։ Տարին՝ 1968, քիչ մը առաջ, քիչ մը ետքը։ Մայիսեան յեղափոխութենէն առաջ եւ վերջ։ Փարիզի պատերուն վրայ գրուած պատգամները տեղ տեղ կ՚երեւին վէպին մէջ։ Պատմասանը Փարիզ եկեր է ապրելու, […]
Կայաններ
Սոյն հատորը ծաղկաքաղի ձեւով իր մէջ կ՚ամփոփէ Վահէ Օշական (1922-2000) բանաստեղծական լման վաստակը, ընտիր հատոածներ հրամցնելով հեղինակին գրեթէ բոլոր քերթողական հատորներէն, թիւով ութը. Պատուհան (1954), Քաղաք (1963), Քառուղի (1971), Ահազանգ (1980), Խուճապ (1983), Արուարձաններ (1991), Ինքնութիւն (1996), Ճամբորդը (յետ մահու, 2006)։ Ասոնցմէ միայն Քաղաքը տպուած է հոս ամբողջութեամբ։ Հատորին խմբագիրն է Գրիգոր Պըլտեան։ Սկիզբը դրուած […]
Վիպումներ
Սոյն գիրքը կը հրամցնէ ֆրանսացի վիպագիր եւ քննադատ Մորիս Բլանշոյի (1907-2003) գրիչէն ելած երեք «պատումներ»ու արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ «Պատում» բառը Բլանշոյի ուզածն էր (ֆրանսերէն՝ récit), այն վայրկեանէն ի վեր երբ այլեւս որոշած էր վէպ չգրել։ Մէկտեղուած են ուրեմն «Մահավճիռը» (1948), «Պատո՞ւմ մը» (1949), որ աւելի ուշ որպէս գիրք տպուեցաւ «Օր-ցերեկուան խելագարութիւնը» վերնագրով, ու «Վերջին մարդը» (1957)։ […]
Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը
Մորիս Բլանշոյ (1907-2003) ֆրանսացի մտաւորական, վիպագիր եւ քննադատ մըն էր, այդ մարզին մէջ ամենէն յարգուածներէն մէկը։ Սոյն հատորը մէկ կողքին տակ կը հրամցնէ երկու գրուածք։ Նախ՝ Մորիս Բլանշոյի 1947ին հանդէսով եւ 1949ին՝ գիրքով լոյս տեսած La littérature et le droit à la mort վիճաբանական փորձագրութեան արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ 1947ին լոյս տեսած էր Ժան-Փօլ Սարտրի «Ի՞նչ է […]
Պատկեր, պատում, պատմութիւն – 2
Սոյն հատորը կը մէկտեղէ Սփիւռքէն տարածքէն առաջ՝ Աղէտի՛ տարածքին եւ ոլորտին պատկանող չորս վիպագիրներու գործերուն շուրջ ուսումնասիրութիւններ, սկիզբը՝ Զապէլ Եսայենի եւ Գրիգոր Պըլտեանի, ետքը սակայն ստիպողաբար՝ Շահնուրի եւ Որբունիի, որոնք աւելի կանուխէն Մարկ Նշանեանի վերլուծական գրգռութիւնը մօտեցումը արթնցուցած էին։ Վերջաւորութեան զետեղուած երկու ուսումնասիրութիւններ, այս անգամ՝ միայն Զարեհ Որբունիին նուիրուած, կը փորձեն անգամ մը եւս վերապրողի […]
Պատկեր, պատում, պատմութիւն – 1
Սոյն հատորը կը պարունակէ երեք ուսումնասիրութիւններ։ Առաջինը՝ «Ինքն իր պատկերը…» Կարոլ Ֆէկէտէ անունով լուսանկարիչ արուեստագիտուհիի մը պատկերներէն մեկնելով՝ կը հանդիպի Մորիս Բլանշոյի 1955ի Գրական տարածքը գիրքին մէջ որպէս յաւելուած հրամցուած պատկերի շուրջ մտորումներուն, ու կը բացատրէ թէ 1948էն (Մահավճիռը) մինչեւ 1957 (Վերջին մարդը) Բլանշոյ վերապրողի կերպարին շուրջ աննախընթաց աշխատանք մը կատարած է։ Երկրորդը՝ «Պատմութեան զգացողութիւնը» […]
Նարնիայի Քրոնիկները
Ք. Ս. Լուիսի արկածախնդրական այս շարքին մէջ պիտի տեսնենք, որ բարին ու չարը ամէն տեղ են, նոյնիսկ` մե՛ր մէջ, իսկ այդ երկուքին միջեւ կայ թափանցիկ ու շատ բարակ թել մը: Դասական շարքը կը ներկայացնէ աշխարհ մը, ուր կան աներեւակայելի գեղեցիկ պալատներ, ոսկեայ խնձորներով ծառեր ու հաւատարիմ ընկերներ, որոնք անձնազոհութեամբ կը հասնին օգնութեան, պատերազմելու` չարագործներու, յոխորտացողներու […]
Նայիրի-Ստեղն
Նայիրի-Ստեղնի միջոցաւ կարելի է որեւէ ծրագիրի մէջ հայերէն գրել և զուգահեռաբար ստուգել ուղղագրութիւնը։ Պատգամներ կամ նամակներ գրելու ժամանակ, ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներ ընելու ատեն, կամ ընդհանրապէս խելախօսի մէջ որեւէ բան գրելու ատեն, կարելի է ստուգել գրուածին ուղղագրութիւնը։ Ծրագիրը իր սրբագրութիւնը կը կատարէ հիմնուելով շտեմարանի մը վրայ որ աւելի քան 150,000 բառ եւ հինգ միլիոն բառաձեւ […]
Օտարութեան Փորձընկալումը
Անտուան Բեռման (1942-1991) ֆրանսացի թարգմանիչ ու թարգմանութեան տեսաբան մըն էր։ Իր այս գիրքին (L’Epreuve de l’étranger, 1984ին լոյս տեսած) նիւթն է գերմանացի Վիպապաշտներու առաջին սերունդին (մասնաւորաբար՝ Ֆրիդրիխ Շլեգելի եւ Նովալիսի) մօտ թարգմանութեան տեսաբանութիւնը, եւ խորքին մէջ այդ սերունդէն առաջ եւ վերջ գերմանախօս աշխարհէն ներս ծաւալած թարգմանութեան հարցը։ Յաւելուածով մը հրամցուած են ուղղակի բնագիրէն թարգմանուած՝ Շլեգելի […]