արեւ անձրեւ ծիածան
արե՛ւ ելաւ, ի՜նչ լաւ եղաւ. անձրե՛ւ եկաւ, ի՜նչ լաւ եղաւ. արե՛ւ ելաւ, անձրե՛ւ եկաւ. անձրե՛ւ եկաւ, արե՛ւ ելաւ. գլուխս դարձաւ. եօթը գոյնով ծիածան… անձրեւ եկաւ, արե՛ւ ելաւ. արե՛ւ ելաւ, անձրե՛ւ եկաւ, ծիածա՛նը ո՜վ տեսաւ. կարմիր ինչպէս շապիկս. նարնջագոյն ինչպէս փողկապս. դեղին ինչպէս տաբատս. կանանչ ինչպէս կօշիկս. կապոյտ ինչպէս գլխարկս. մանիշակագոյն ինչպէս կոճակս. արեւ եւ անձրեւ, […]
անօթի լուսինը
մո՜ւթ է, մո՜ւս մութ է, ինչո՜ւ մո՜ւս մութ է… լուսինը մահիկ է, մահիկ լուսինը նիհար է, նիհար լուսինը տխուր է, տխուր լուսինը անօթի է… աստղիկները միասին կարկանդակ մը թխեցին… կերա՜ւ, կերա՜ւ լուսինը, համով հոտով, ախորժակով, մատիկներով, կերաւ կարկանդակին կէսը, դարձաւ կիսալուսին մը. կերա՜ւ, կերա՜ւ լուսինը, համով հոտով, ախորժակով, թաթիկներով, կերաւ կարկանդակին մի՛ւս կէսը, դարձաւ կլորիկ […]
թրթուրիկ կամ թիթեռնիկ
կիրակի օր մը, պզտիկ թրթուրիկը կերաւ կանանչ տերեւ մը, համը մնաց բերանը… կրծե՜ց, կրծե՜ց թրթուրիկը… երկուշաբթի՝ երկու տերեւ… երեքշաբթի՝ երեք տերեւ… չորեքշաբթի՝ չորս տերեւ… հինգշաբթի՝ հինգ տերեւ… ուրբաթ օր՝ բազմաթիւ տերեւներ… կշտացա՜ւ շատակերը, խոշորցա՜ւ թրթուրիկը, դարձաւ գիրուկ թրթուր մը. շաբաթ օրը՝ գիրուկ թրթուրը թել թել խոզակ մը հիւսեց… խոզակին մէջ կծկուեցաւ, մշի՜կ մշիկ քնացաւ… շա՜տ […]
խխունջիկ եւ խլուրդիկ
այն ո՞վ է… տունիկը շալկած, կը սողայ կամա՜ց կամաց… տրտում տխուր խխունջիկ, կը սողայ լռիկ մնջիկ․ կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, կը սողայ կամաց կամաց… տրտում տխուր խխունջիկ, չունի կօշիկ եւ տոտիկ․ կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, ինչպէ՞ս վազէ արագ արագ… այն ո՞վ է… կը փորէ՜, կը փորէ՜, ակնոցը կը փնտռէ… խլուրդի՛կն է, կը փորէ՜, կը փորէ՜, […]
սեւուլիկ սարդիկը
երդիքէն իջաւ սարդիկ մը․ սահեցաւ վար, վար, վար, բարձրացաւ վեր, վեր, վեր․ գնաց դէպի աջ, աջ, աջ․ դարձաւ դէպի ձախ, ձախ, ձախ… վարէն անցաւ թրթուրիկը, վեր նայեցաւ ու ըսաւ․ – սարդի՛կ, սարդի՛կ, վա՛ր իջիր, եկուր խաղա՛նք միասին… – շա՜տ զբաղած եմ ընկերս, ժամանակ չունիմ քերելու գլուխս, պէտք է հիւսեմ ոստայնս… պատասխանեց սեւուլիկ սարդիկը, շարունակելով հիւսքը, […]
կօշիկը եւ կօշիկը
կօշիկ, կօշիկ, կարմիր կօշիկ․ կօշիկ, կօշիկ, կապոյտ կօշիկ․ կարմիր կօշիկը ըսաւ կապոյտ կօշիկին․ – ես կրունկ ունիմ, դուն չունիս․ կապոյտ կօշիկը ըսաւ կարմիր կօշիկին․ – ես կապ ունիմ, դուն չունիս․ կա՛պ ունիս, կրունկ չունիս․ կրունկ չունիս, կա՛պ ունիս․ կօշիկները կատղեցան, կօշիկները կռուեցան․ կրո՛ւնկ ունիս, կապ չունիս․ կապ չունիս, կրո՛ւնկ ունիս, կօշիկները կատղեցան, կօշոիկները կռուեցան․ եկաւ […]
կար ու չկար
կա՜ր ու չկար, բա՛ն մըն ալ չկար․ մաման ըսաւ․ – չկա՜յ, չկա՜յ, սառնարանին մէջ ճաշիկ չկայ․ պապան ըսաւ․ – չկա՜յ, չկա՜յ, գրպանիս մէջ դրամ չկայ․ նունիկը ըսաւ․ – չկա՜յ, չկա՜յ, ցնցուղիս մէջ ջուր չկայ․ արամիկը ըսաւ․ – չկա՜յ, չկա՜յ, դպրոցիս մէջ արձակուրդ չկայ․ կա՜ր ու չկար, բա՛ն մըն ալ չկար, որովհետեւ չարուկ չա մը կար․ […]
տանձի ծառ
մեր տունը, պարտէզը եւ տանձի ծառը․ տանձի ծառէն ի՞նչ ինկաւ… տանձի ծառէն տա՛նձ ինկաւ… մեր տանը առջեւ պարտէզ կայ․ պարտէզին ծայրը տասը տանձի ծառ․ տասը տանձի ծառին ծայրը տասը ծանր տանձ․ մեր պարտէզին ծայրը կայ, տասը տանձի ծառ․ տասը տանձի ծառին ծայրը տասը ծանր տանձ․ ձեր պարտէզին ծայրն ալ կա՞յ, տասը տանձի ծառ․ տասը տանձի […]
մշտադալար եղեւինը
տարին ունի չո՛րս եղանակ․ գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ․ գարուն է, ծառին վրայ ծաղիկնե՜ր… ամառ է, ծառին վրայ խնձորնե՜ր… աշուն է, ծառին վրայ կարմիր դեղին, նարնջագոյն տերեւնե՜ր… ձմեռ է, ծառին վրայ ձիւնի փաթիլնե՜ր… իսկ անտառին եղեւինը, գարուն, ամառ, մի՛շտ կանանչ է… աշուն, ձմեռ․ մի՛շտ դալար է, մշտադալար եղեւին է… եղեւինը մշտադալար դարձաւ տօնածառ, շուրջը երգ ու […]
մուտք
ես, դուն, քանի՞ տարեկան, քանի՞ մոմ կարկանդակին վրան․ փուչիկները ուռեցուցի, որ մեր խաղը սկսի․