մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

ձուկը եւ մուկը

տապա՛կ, տապա՛կ, ծա՛կ տապակ․ ծա՛կ տապակ, տակը կրա՛կ․ ձո՛ւկը, մո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․ մո՛ւկը, ձո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․ ձո՛ւկը ուտեմ, մո՛ւկը նետեմ․ մո՛ւկը նետեմ, ձո՛ւկը ուտեմ․ մո՛ւկը ուտեմ, ձո՛ւկը նետեմ․ ձո՛ւկը նետեմ, մո՛ւկը ուտեմ․ կրա՜կ, կրա՜կ, մաղ մա՜ղ կրակ․ կրա՜կ, կրա՜կ, հար հա՜ր կրակ․ գտի՛ր տապակը, վառէ՛ կրակը, տապկէ՛ հաւկիթը․

ճաշիկը եւ փորիկը

եկա՜ւ, եկա՜ւ, դգալը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է դանակը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, դանակը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է պնակը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պնակը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է պատառաքաղը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պատառաքաղը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է ճաշիկը»․ պնա՛կ, պնա՛կ, պարա՛պ պնակ․ պնա՛կ, պնա՛կ, լեցո՛ւն պնակ․ փորի՛կ, փորի՛կ, պարա՛պ փորիկ․ փորի՛կ, փորի՛կ, լեցո՛ւն փորիկ․ ուտե՜մ, ուտե՜մ, ի՞նչ […]

գլխացաւը

օրիորդ նազիկը ըսաւ․ – ցա՛ւ, ցա՛ւ, գլխացա՛ւ․ օրիորդ նազիկը դպրոց չեկաւ, արամիկը ուրախացա՜ւ․ օրիորդ նազիկը դպրոց չեկաւ, նունիկը տխրեցա՜ւ․ օրիորդ նազիկը գնաց դեղարան․ դեղարա՜ն, դեղարա՜ն, դեղերը շարա՜ն շարան․

կիրակի

ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի՜․ դպրոց, տուն, եկեղեցի՜․ արամիկը շապիկ հագաւ, սարկաւագը ուրախացա՜ւ․ նունիկը պատարագը մտիկ ըրաւ, վարդապետը ուրախացա՜ւ․ պապա՜, պապա՜, տէր տէր պապա․ պապա՜, պապա՜, կաղանդ պապա․ պապա՜, պապա՜, հաճի պապա․ պապա՜, պապա՜, մե՜ծ պապա․ զանգակատունը հո՛ս է, գմբեթը ո՞ւր է․ արամիկը շապիկ կը հագնի եւ շարական կը սորվի․

նոր կօշիկը

նունիկը շա՜տ տխուր է․ նունիկին կօշիկը շա՜տ հին է․ նունիկը նոր կօշիկ կ՚ուզէ․ մաման կ՚ըսէ․ – նունի՛կ, նունի՛կ, նոր կօշիկը շա՜տ սուղ է․ նունիկը շա՜տ տխուր է․ նունիկին կօշիկը շա՜տ հին է․ նունիկը նոր կօշիկ կ՚ուզէ․ պապան կ՚ըսէ․ – նունի՛կ, նունի՛կ, նոր կօշիկը շա՜տ սուղ է․ նունիկը շա՜տ տխուր է․ նունիկին նոր կօշիկը ո՞վ բերէ․ […]

դպրոց

պատուհանը բա՛ց, պատուհանը գո՛ց, նունիկը գնաց դպրոց ․ սմբատը բատ բատ, սմբատ բատ․ պատուհանը բա՛ց, պատուհանը գո՛ց, արամիկը չգնաց դպրոց ․ սմբատը բատ բատ, սմբատ բատ, սմբատը բատ բատ, սմբատ բատ․ բարե՛ւ օրիորդ նազիկ․ այբ, բեն, գիմ, դա, օրիորդ նազիկը կը կարդայ․ այբ արեւ, բեն բարեւ, գիմ գոգնոց, դա դպրոց․ բեն առաւել արեւ, հաւասար է […]

ապուր ապուր

ապո՜ւր, ապո՜ւր, ոսպապուր, ապո՜ւր, ապո՜ւր, անուշապուր․ ապո՜ւր, ապո՜ւր, անհա՛մ ապուր, ապո՜ւր, ապո՜ւր, անհա՛մ ապուր․ ոսպապուրին ա՛ղ չկայ, անուշապուրին չամի՛չ չկայ․ պտղունց մը աղ, ափ մը չամիչ, ապո՜ւր, ապո՜ւր, համո՜վ ապուր․ ոսպը ստկէ, ապո՛ւր եփէ․ ոսպ մը, քար մը, ոսպ մը, քար մը, ոսպ մը, քար մը, ոսպ մը, քար մը, ոսպ մը․ ամա՜ն չաման, աղաման […]

խակ է, խաղ է

խա՛ղ է, խա՛ղ է, խաղո՜ղ է․ խակ է, խակ է, խաղողը խակ է․ խակ չէ, խակ չէ, խաղողը խակ չէ․ չոր խաղողը չամիչ է․ չոր սալորը չիր է․ չիր ու չամիչը արամիկին, գիր ու գրիչը նունիկին․ որթատունկը, ողկոյզը․ որթատունկը, ողկոյզը․ աղուէսը մօտեցաւ որթատունկին, աչքը տնկեց ողկոյզին․ անօթի էր աղուէսը, կ՚ուզէր ուտել խաղողը․ բարձրացուց թաթիկները, սակայն […]

պանիր ու հաց

մաման ի՞նչ բերաւ․ հաց բերաւ, պանիր բերաւ, կարագ բերաւ․ հաց, պանիր ու կարագ, արամիկը կերաւ արա՛գ արագ․ կարագ, պանիր ու հաց, նունիկը կերաւ կամա՜ց կամաց․ դա՛կ, դա՛կ, կարկանդա՛կ․ կարկանդակին վրայ հինգ մոմ կայ․ ինչո՞ւ հինգ․ հապա քանի՞․ թող ըլլայ վեց․

ասեղ մատնոց

ունի, ունի, ի՞նչ ունի․ ունի, ունի, ասեղ ունի․ ունի, ունի, մատնոց ունի․ ասե՛ղ, ասե՛ղ, գնդասեղ․ ասե՛ղ, ասե՛ղ, ապահով ասեղ․ բո՛ւթ մկրատ, սո՛ւր մկրա՛տ․ ասեղ դերձան, մկրատ մատնոց, ես կը կարեմ գոգնոց․ չունի, չունի, շապիկ չունի․ չունի, չունի, տաբատ չունի․ կը կարէ՜, կը կարէ՜, կարմիր շապիկ կը կարէ, կանանչ տաբատ կը կարէ․ հանգոյցը դերձանին, դերձանը ասեղին, […]